Ապրիլին 1-ին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համակարգող մարմինի 2015-ի անդրանիկ նիստը, որ վարեց «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Նիստին կը մասնակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Օրակարգի վրայ էին «Մետիա ֆորում. ակնկալուած լուսաբանման աշխարհագրութիւնը եւ շեշտադրումները», «Ապրիլի 24-ին ընդառաջ հայատառ եւ օտարալեզու լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջաններուն մէջ ձեռնարկներու լուսաբանման աշխատանքներուն վերաբերեալ» եւ «2015-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցութիւն ապահովելու մասին» հարցերը: Շահան Գանտահարեան ընդգծեց, որ մետիա ֆորումը նշանակալից էր թուրք-ատրպէյճանական ապատեղեկատուական հոսքը կտանխելու, ինչպէս նաեւ ֆորումի` «Արարատի ստորոտին» խորհրդանիշը միջազգայնացնելու առումներով: Ապրիլ 24-ին ընդառաջ հայատառ եւ օտարալեզու լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջաններուն մէջ ձեռնարկներու լուսաբանման աշխատանքներ տանելու ուղղութեամբ  Շ. Գանտահարեան նշեց, որ Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը կը նշեն ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ աշխարհի բոլոր խոշոր քաղաքներուն մէջ: Մինչդեռ Կալիփոլիի ճակատամարտի տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան միայն Թուրքիոյ մէջ: