Հա­յոց Յե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կը եր­կու շա­բա­թէն հան­դէս պի­տի գայ վեր­ջին եօթ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հա­ւաք­չա­կան աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քով ձեռք բե­րո­ւած հա­զա­րա­ւոր նիւ­թե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ:

 

«Եր­կու հա­զար քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րածք զբա­ղեց­նող թան­գա­րա­նի տի­զայնն) ա­րո­ւել է անվ­ճար, եւ դա ա­րո­ւել է մեր թի­մի միաս­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ: Դա ա­րո­ւել է այն պարզ բա­ցատ­րու­թեամբ, որ մենք չենք կա­րող գու­մար վաս­տա­կել մեր ազ­գի ող­բեր­գու­թեան հա­շո­ւին»,- ըստ Civilnet.amի՝ Մարտ 30ին լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ը­սած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն Հայկ Դե­մո­յեան` ա­ւելց­նե­լով, որ շու­կա­յա­կան գի­նե­րով ա­տի­կա բա­ւա­կան մեծ գու­մար կը կազ­մէ, որ­մէ ի­րենք հրա­ժա­րած են:

Դե­մո­յեան խօ­սած է նաեւ 2015ին ար­դէն կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քի եւ յա­ռա­ջի­կայ ը­նե­լիք­նե­րուն մա­սին: Ան նշած է, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ ու ձեռ­նարկ­ներ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն գրե­թէ բո­լոր աշ­խար­հա­մա­սե­րուն մէջ:

Յա­ռա­ջի­կա­յին մեծ ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ կը նա­խա­տե­սո­ւին Ա.Մ.Ն. Քա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գին, Նիւ Եոր­քի, ինչ­պէս նաեւ Մոս­կո­ւա­յի Հայ­րե­նա­կան մեծ պա­տե­րազ­մի թան­գա­րա­նին մէջ: Ապ­րիլ 29ին Փա­րի­զի քա­քա­պե­տա­րա­նին` Օ­թել տէ Վի­լի եր­կու սրահ­նե­րուն մէջ, միա­ժա­մա­նակ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բին Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րու դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ցնցող դրո­ւագ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող թան­գա­րա­նա­յին նմուշ­ներ ու լու­սան­կար­ներ:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կին կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած ցու­ցան­մուշ­նե­րուն մէջ բա­ցա­ռիկ կար­գով ներ­կա­յա­ցո­ւած է Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած Աւ­րո­րա Մար­տի­կա­նեա­նի հա­ւա­քա­ծոն, ո­րուն բնօ­րի­նակ­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին Փա­րի­զի ցու­ցադ­րու­թեան ժա­մա­նակ:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէ­նը լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած է նաեւ, որ Յու­լիս 8-12 թան­գա­րան-հիմ­նար­կը պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու հա­մա­ժո­ղով, ո­րուն մաս­նակ­ցե­լու յայտ ներ­կա­յա­ցու­ցած­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 250ի, որ եր­կու տա­րին մէկ կազ­մա­կեր­պո­ւող ժո­ղո­վին հա­մար բա­ւա­կան բարձր թիւ է:

Դե­մո­յեան, ներ­կա­յաց­նե­լով ը­նե­լիք­նե­րը, ը­սած է նաեւ, որ Ապ­րիլ 2էն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կը եր­կու շա­բա­թով պի­տի փա­կէ իր դռնե­րը` փոր­ձե­լով ա­ւար­տին հասց­նել աշ­խա­տանք­նե­րը եւ պատ­րաս­տո­ւե­լու պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւիար­կու­թիւն­նե­րը յա­ւուր պատ­շա­ճի սպա­սար­կե­լուն: