Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւնադանոցին մէջ Մարտ 26-ի առաւօտեան մահացած է Մարտ 19-ին հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ուժեղացուած խումբին դիմակայելու ժամանակ ծանր վիրաւորուած ՊԲ զինծառայող, 1995-ի ծնած Սամուէլ Յակոբեանը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը: ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն: Հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատի ուժեղացուած խումբը Մարտ 19-ին յարձակում ձեռնարկած է հիւսիսային (Կիւլիստանի) ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերուն վրայ: Շուրջ երկու ժամ տեւած մարտական գործողութեան արդիւնքով դիրքապահ անձնակազմը եւ օգնութեան հասած ուժերը ստիպած են հակառակորդին դիմել փախուստի, այնուհետեւ հետապնդելով վերջիններս, ամբողջութեամբ ոչնչացուցած են խումբը: Հակառակորդին դիմագրաւելու ժամանակ արիաբար զոհուած են ՊԲ զինծառայողներ Յակոբ Խաչատրեանը (1996-ի ծնունդ), Էդուարդ Հայրապետեանը (1995-ի ծնունդ) եւ Արշակ Յարութիւնեանը (1995-ի ծնունդ), Պաշտպանութեան բանակի եւս 4 զինծառայողներ վիրաւորուած էին: