Մարտ 26-ին, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ «­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան» ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեայ տա­րե­լի­ցի ծրագ­րե­րու ծի­րէն ներս՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան գրա­սե­նեա­կին առ­ջեւ  կազ­մա­կեր­պե­ցին ե­րի­տա­սար­դա­կան-ու­սա­նո­ղա­կան ցոյց։ Նոյն օ­րը՝ Մարտ 26-ին, Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­ցին ցոյ­ցեր աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ գտնո­ւող՝ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն առ­ջեւ: Ցոյ­ցե­րու ըն­թաց­քին Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն յանձ­նո­ւե­ցան նոյ­նա­բո­վան­դակ գրու­թիւ­նով պա­հան­ջագ­րեր: Հա­մա­հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան-ու­սա­նո­ղա­կան ցոյ­ցե­րը նպա­տակ ու­նին միա­ւո­րել Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ա­նոնց մի­ջո­ցով բարձ­րաց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­ղո­քի ձայ­նը: Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք պա­հան­ջագ­րի հա­յե­րէն տար­բե­րա­կէն բա­ժին­ներ:

«2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լի 24-ը նշւում է որ­պէս Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի օր, ար­դէն 100-րդ տա­րին է, որ մենք որ­պէս Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած­նե­րի ժա­ռանգ­ներ՝ յա­նուն մէկ եւ կէս մի­լիոն ան­մեղ զո­հե­րի, կանգ­նած ենք մարդ­կու­թեան հան­դէպ կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­ման գոր­ծըն­թա­ցի առ­ջեւ: Որ­պէս հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ ող­ջու­նում եւ ա­ջակ­ցում ենք Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի վեր­ջին կո­չը՝ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ երկր­նե­րին ճա­նա­չել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Մենք կոչ ենք ա­նում Եւ­րո­միու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեա­նը, մաս­նա­ւո­րա­պէս, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դին, Եւ­րո­միու­թեան խորհր­դին եւ Եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին պահ­պա­նել Եւ­րո­պա­կան խորհր­դի կող­մից սահ­մա­նո­ւած բա­րո­յա­կան չա­փա­նի­շը՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման հար­ցում: Մենք պա­հան­ջում ենք Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նից ճնշել Թուր­քիա­յին, որ­պէս­զի ճա­նա­չի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­ներ

Նոյն նպա­տա­կով ցոյց մը կազ­մա­կեր­պեց Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը, Հինգ­շաբ­թի 26 Մարտ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 14։30-ին, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան Ա­թէն­քի  գրա­սե­նեա­կին առ­ջեւ։ Ցոյ­ցին կ­’անդ­րա­դառ­նանք յա­ջոր­դիւ։