«­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը յա­նուն Ար­ցա­խի». այս խո­րա­գի­րը կը կրէ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան 124ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու շար­քը, որ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով կը նշո­ւի Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ: ­Տօ­նա­կա­տա­րու­ թիւն­նե­րուն վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նը Ս­տե­փա­նա­կերտն էր, ուր 21 ­Մար­տին, Մ­շա­կոյ­թի եւ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան ­Պա­լա­տի մեծ սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան ձեռ­նարկ:

­Ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի եւ Հ.Յ.Դ. քայ­լերգ­նե­րով` «Մ­ռա­կած» հա­մոյ­թին եւ «­Մենք ենք մեր սա­րե­րը» եր­գի ու պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թին կա­տա­րո­ղու­թեամբ: Այ­նու­հե­տեւ, մէկ վայր­կեան յոտն­կայս լռու­թեամբ, ներ­կա­նե­րը յար­գե­ցին վեր­ջին օ­րե­րուն ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին հե­րո­սա­բար նա­հա­տա­կո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րուն յի­շա­տա­կը:

Ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կաւ Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ Արք. ­Մար­տի­րո­սեան, որ շնոր­հա­ւո­րե­լով ներ­կա­նե­րը` կա­րե­ւոր նկա­տեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­ցած հա­յա­նո­ւէր ճամ­բան, եւ ա­նոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ա­զա­տագր­ման, պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման ու հայ­րե­նի­քի շէ­նաց­ման գոր­ծին մէջ:

Իսկ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, ­Հայ ­Դա­տի եւ ­Քա­ղա­քա­կան ­Հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան փո­խան­ցեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ող­ջոյ­նի եւ շնոր­հա­ւո­րան­քի խօս­քը:

Աշ­խար­հի շուրջ ե­րեք տաս­նեակ եր­կիր­նե­րէ շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ­ներ ու­ղար­կած էին Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցին, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին` Հ.Յ.Դ. 124ա­մեա­կին ա­ռի­թով, որ տե­սե­րի­զով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ձեռ­նար­կին:

Ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան փոխ-վար­չա­պետ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան, որ շեշ­տեց.- «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, բա­ռիս բուն ի­մաս­տով, այն կար­գա­խօսքն է, ո­րով ար­ցախ­ցի­ներս` ան­կախ գա­ղա­փա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէն, կրնանք մէկ­տե­ղել մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, դի­մա­կա­յե­լու թէ՛ ար­տա­քին եւ թէ՛ ներ­քին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Եւ միայն այս ձե­ւով Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը կրնայ ազ­դակ ու­ղար­կել եւ իր շուր­ջը հա­մախմ­բել հա­մայն հա­յու­թիւ­նը։

«­Մենք կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նինք ակն­կա­լե­լու, որ ազ­գը կը հաս­նի այն գի­տակ­ցու­թեան, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պատ­մա­կան ազ­դակ է հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, եւ իր գի­տակ­ցու­թեան չա­փով նիւ­թա­պէս կը նպաս­տէ Հ.Յ.Դ­.ի գո­յու­թեան եւ գոր­ծին:

Հ.Յ.Դ.ն ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն է եւ այդ ա­ւան­դու­թեան մէջ է իր միու­թեան եւ նոյ­նու­թեան գաղտ­նի­քը: Ան այն­քան ան­փո­փոխ չի մնար, որ հին­նայ ու ան­պէտք դառ­նայ հան­րա­յին կեան­քի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար, բայց նաեւ այն­քան չի փո­խո­ւիր, որ դառ­նայ յեղ­յե­ղուկ: Հ.Յ.Դ.ն իր բնոյ­թով կը մնայ նոյ­նը, բայց կը յար­մա­րի կեան­քին: ­Փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ոչ թէ կը բե­կեն, այլ` կը հո­սին, ոչ թէ կը յե­ղաշր­ջեն, այլ` կը բա­րեշր­ջեն»:

Հ.Յ.Դ­.ի հրա­ւէ­րով Ար­ցախ կը գտնո­ւէր ար­մատ­նե­րով ­Սու­րիա­յէն, «­Շա­տո­յեան» նո­րա­ձե­ւու­թեան տան հիմ­նա­դիր ­Գէորգ ­Շա­տո­յեան: ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Շա­տո­յեան» նո­րա­ձե­ւու­թեան տան ժա­մա­նա­կա­կից ձե­ւա­ւոր­մամբ ազ­գա­յին տա­րազ­նե­րու ա­ռա­ջին եւ բա­ցա­ռիկ ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, որ, ինչ­պէս իր ե­լոյ­թին մէջ նշեց հե­ղի­նա­կը, նո­ւի­րո­ւած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին եւ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Հ.Յ.Դ. 124ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ՝ 104 տա­րի ա­ռաջ, Հ.Յ.Դ. 20ա­մեա­կին ա­ռի­թով գրո­ւած եր­գով` «­Մենք ենք մեր սա­րե­րը» հա­մոյ­թին կա­տա­րո­ղու­թեամբ: