karabakh-life.am կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նի Իշ­խա­նա­ձոր հա­մայն­քին մէջ, այս տա­րի, ցան­քի տա­րա­ծու­թիւն­նե­րը կը կազ­մեն 500 հեք­թար՝ ցա­նո­ւած են գա­րի ու ցո­րեն։ ­Հա­մայն­քի ղե­կա­վար Ար­սէն ­Թե­լունց Իշ­ խա­նա­ձո­րի զար­գաց­ման կշռոյթ­նե­րը գե­րա­զանց կը հա­մա­րէ.- «­Մեծ տար­բե­րու­թիւն կը նկա­տո­ւի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն։ «­Թիւ­ֆէն­քեան» հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ եր­կու ըն­տա­նի­քի հա­մար բնա­կա­րան կա­ռու­ցո­ւած է։

«­Թիւ­ֆէն­քեան» եւ «­Քա­շա­թաղ» հիմ­նադ­րամ­նե­րու մի­ջոց­նե­րով կա­ռու­ցուած է տա­սը բնա­կա­րան­ներ պար­փա­կող շէնք, իսկ ­Մա­յի­սին շա­հա­գործ­ման պի­տի յանձ­նո­ւի տա­սը տուն՝ ազ­գա­յին վի­ճա­կա­հա­նու­թեան հա­սոյ­թով կա­ռուցո­ւած։ Ընդ­հա­նուր թո­ւով՝ վի­ճա­կա­հա­նու­թեան հա­սոյ­թով, Իշ­խա­նա­ձո­րի մէջ պի­տի կա­ռու­ցո­ւի 37 բնա­կա­րան»,- կը տե­ղե­կաց­նէ գիւ­ղի ղե­կա­վա­րը։ Իշ­խա­նա­ձո­րի զար­գաց­ման մա­սին կը հաս­տա­տէ նաեւ դպրո­ցին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րու քա­նա­կի ա­ճը։ 2014ին, 2013ի հա­մե­մատ 15ով ա­ւել­ցած է դպրո­ցա­կան­նե­րու թի­ւը։ Ա­ճի նոյն կշռոյթ­նե­րը կը նկա­տո­ւին նաեւ նա­խադպ­րո­ցա­կան տա­րի­քի ե­րե­խա­նե­րու մօտ»։ 2013ին, տա­րի­քա­յին այդ խում­բին մէջ, ու­նէինք քսան­հինգ ե­րե­խայ, իսկ հի­մա ա­նոնց թի­ւը հա­սած է քա­ռա­սու­նի»։

­Հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րը կ­՚ընդգ­ծէ, որ նա­խադպ­րո­ցա­կան հաս­տա­տու­թեան հար­ցը հրա­տապ կը դառ­նայ, յատ­կա­պէս այն ա­ռու­մով, որ Իշ­խա­նա­ձո­րը շատ հայ­րե­նա­դարձ­նե­րու հա­մար նա­խընտ­րե­լի բա­նա­կա­վայր դար­ձած է։ «­Վեր­ջին եր­կու շաբ­թո­ւան մէջ տա­սը ըն­տա­նիք ըն­դու­նած ենք։ ­Փա­փա­քող­նե­րը շատ են։ ­Պար­զա­պէս, մէկ ան­գա­մէն չենք կրնար բո­լո­րին ըն­դու­նիլ։ Բ­նա­կե­լի տու­ներ չու­նինք, կան փլա­տակ­ներ, ո­րոնց վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ­՚օ­ժան­դա­կէ շի­նա­նիւ­թով։ ­Սա­կայն, հա­մայն­քին մէջ ըն­թա­ցող բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թիւ­նը զգա­լիօ­րէն պի­տի նպաս­տէ խնդի­րի լուծ­ման»,- կը վստա­հեց­նէ հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րը։

Իշ­խա­նա­ձո­րը հայ­րե­նա­դարձ­նե­րուն կը գայ­թակ­ղեց­նէ իր կլի­մա­յա­կան պայ­ման­նե­րով. «­Հո­ղը բեր­րի է, ե­ղա­նա­կը բա­րե­խառն, Ա­րաք­սը մօ­տիկ։ Աշ­խա­տող գիւ­ղա­ցիի տեղ է»,- կ­՚ը­սէ Ար­սէն ­Թե­լունց։

Ն­շենք, որ Իշ­խա­նա­ձո­րը 2013ին ու­նէր 200 բնա­կիչ։ Այ­սօ­րո­ւայ դրու­թեամբ բնա­կիչ­նե­րու թի­ւը հա­սած է 244ի։ Բ­նա­կա­վայ­րը ու­նի քա­ղա­քի կար­գա­վի­ճակ, սա­կայն, զբա­ղու­մի ո­լոր­տը, հիմ­նա­կա­նին մէջ, գիւ­ղատն­տե­սու­թիւնն է։