Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ըն­դու­նած է Եւ­րո­պա­կան Դ­րաց­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ Ըն­դար­ձակ­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս ­Հա­նը:

­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ շա­րու­նա­կա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ բարձ­րաս­տի­ճան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը լաւ կա­րե­լիու­թիւն նկա­տած է ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը քննար­կե­լու, եր­կուս­տեք հե­տաքրքը­րող հար­ցե­րու շուրջ միտ­քեր փո­խա­նա­կե­լու հա­մար:

Այս ծի­րին մէջ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ող­ջու­նած է յանձ­նա­կա­տար Ե. ­Հա­նի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը:

­Հան իր կար­գին ընդգ­ծած է, որ մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն մի­ջեւ ըն­թա­ցող երկ­խօ­սու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Ան նշած է, որ այժմ վե­րա­տե­սու­թեան կ­՛են­թար­կո­ւի Եւ­րո­պա­կան Դ­րաց­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­յե­ցա­կար­գը, ո­րուն սկզբունք­նե­րուն շուրջ տե­սա­կէտ­նե­րու աշ­խոյժ փո­խա­նա­կում կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի:

Այդ­պի­սի կա­րե­ւոր սկզբունք­նե­րէն մէ­կը, ըստ յանձ­նա­կա­տար ­Հա­նի, այն է, որ Դ­րաց­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան իւ­րա­քան­չիւր գոր­ծըն­կե­րոջ հետ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը պէտք է ու­նե­նայ ան­հա­տա­կան մօ­տե­ցում` հասկ­նա­լով եւ յար­գե­լով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ տո­ւեալ երկ­րին պատ­կե­րա­ցում­ներն ու մօ­տե­ցում­նե­րը:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան Եւ­րո­պա­կան Դ­րաց­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծի­րին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը օգ­տա­կար նկա­տած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­րե­փո­խում­նե­րու խթան­ման տե­սան­կիւ­նէն, եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է եւ­րո­պա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն` այս հար­ցին մէջ ցարդ ­Հա­յաս­տա­նին ցու­ցա­բե­րո­ւած օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար:

­Հան նշած է, թէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան ­Գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծի­րին մէջ, նա­խորդ հանգրո­ւա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վատ­նո­ւած ջան­քեր չէին եւ, ան­կախ հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րէն, ա­նոնք օգ­տա­կար էին՝ ակն­կա­լու­թիւն­ներն ու սահ­մա­նո­ւած չա­փա­նիշ­նե­րը, նաեւ եւ­րո­պա­կան շու­կա­յին մէջ մրցու­նակ ըլ­լա­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը պատ­կե­րաց­նե­լու ա­ռու­մով:

­Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեան եւ յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս ­Հան միտ­քեր փո­խա­նա­կած են նաեւ շրջա­նա­յին խնդիր­նե­րու եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման հո­լո­վոյ­թի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ:

Եւ­րո­պա­կան Դ­րաց­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ Ըն­դար­ձակ­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս ­Հան նաեւ տե­սակ­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նի հետ:

­Հան­դի­պու­մէն ետք տրո­ւած մամ­լոյ միա­ցեալ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին, ­Հան խօ­սե­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման հո­լո­վոյ­թին մա­սին, ը­սած է.- «Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը կ­՛ա­ջակ­ցի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին լու­ծու­մով զբա­ղող Ե.Ա.Հ.Կ­.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ձե­ւա­չա­փին: Ս­թա­թիւս քոն ա­նըն­դու­նե­լի է, իսկ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նպա­տա­կը խա­ղաղ լուծ­ման հաս­նիլն է:

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը կը խթա­նէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ազր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կու­մը, մա­նա­ւանդ նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով: ­Կոչ կ­՛ուղ­ղենք կող­մե­րուն` յար­գե­լու զի­նա­դա­դա­րը, զսպո­ւա­ծու­թիւն դրսե­ւո­րե­լու թէ՛ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն եւ թէ՛ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ` ստեղ­ծե­լով տագ­նա­պի լուծ­ման հա­մար բա­րեն­պաստ մթնո­լորտ»: