Նախագահ Սարգսեան սահմանադրական բարեփոխումներու ծրագրին շուրջ, խորհրդակցական հանդիպումներ ունենալէ ետք եօթը կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու, ներառեալ ընդդիմադիրներու (բացի Հայ Ազգային Կոնգրէէն – Հ.Ա.Կ.) հետ, ժողով գումարած է մասնա գիտական յանձնաժողովին հետ:
Հանրապետութեան նախագահը, քննարկելէ ետք իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, յայտնած է, թէ զանազան կարծիքներ արտայայտուած եւ առաջարկներ կատարուած են: Ան նշած է, թէ սահմանադրական բարեփոխումները անհրաժեշտութիւն են երկրի բարօրութեան համար՝ յայտնելով այն կարծիքը, թէ հարկ է նաեւ ատոր համար քաղաքական մեծագոյն զօրակցութիւն: Շնորհակալութիւն յայտնած է մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներուն՝ իրենց տարած աշխատանքին եւ պատրաստած տեղեկագրին համար, ուր հիմնական պատճառաբանութիւններ տրուած են խորհրդարանական վարչաձեւի անցնելու անհրաժեշտութեան ի նպաստ:
«Ի հարկէ, կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու վերաբերեալ մասնագիտական յանձնաժողովի փաստարկներն ու հիմնաւորումները ծանրակշիռ են։ Աւելին՝ նոյն Վենետիկի Յանձնաժողովը եւս գտնում է, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգը կարող է ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը Հայաստանում»,- ըսած է նախագահը:
Նախագահ Սարգսեան, անցումային այդ հոլովոյթին առնչուող որոշ մտավախութիւններ ալ յայտնելով հանդերձ (ինչպէս արտաքին եւ ներքին ապահովութեան հարցերը, վարչաձեւի կայունութեան խնդիրը), մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներուն ըսած է.- «Այս ամէնով հանդերձ, ես քաղաքական հաւանութիւն կը տամ հայեցակարգին, որովհետեւ համոզուած եմ, որ պարտաւոր ենք օգտագործել մեր պետութեան համար դրական զարգացում ապահովող ցանկացած հնարաւորութիւն։ Առաւել եւս, որ իմ հանդիպումների ժամանակ քաղաքական որեւէ ուժ առարկութիւն չի ունեցել հայեցակարգի հաստատման վերաբերեալ։
Միաժամանակ խնդրում եմ ձեզ նախագծել սահմանադրական այնպիսի կարգաւորումներ, որոնք աներկբայ կ՚երաշխաւորեն կառավարման աւելի ժողովրդավարական մոդէլի ներդաշնակ համատեղումը պետութեան անվտանգութեան եւ կայունութեան հետ»։
Սերժ Սարգսեան որոշած է, որ մասնագիտական յանձնաժողովը քաղաքական կուսակցութիւններու հետ կազմակերպէ եւ կատարէ քննարկումներ՝ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին նկատմամբ անոնց ներկայացուցած առաջարկներուն եւ դիտողութիւններուն շուրջ:
Իսկ Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, թէ Սահմանադրութեան բարեփոխուած հայեցակարգը մինչեւ 10 ամիս վերջնապէս պատրաստ պիտի ըլլայ, ներկայացնելու համար Ազգային Ժողովին: