ՀՀ նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ ­տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րու գլխա­ւոր հա­մա­կար­գող ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան Ե­րե­ւա­նի մէջ մեկ­նար­կած «Ա­րա­րա­տի ստո­րո­տին» 5-րդ ­մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­ կան ժո­ղո­վին, որ նո­ւի­րո­ւած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին, նախ աշ­խար­հի տար­բեր ծայ­րե­րէն ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նած լրագ­րող­նե­րուն պար­զա­բա­նեց, թէ ին­չո՛ւ հայ ժո­ղո­վուր­դը Ապ­րիլ 24-ը հռչա­կած է յի­շա­տակ­ման օր:

«Այն­պէս չէ, որ այդ օրն է սկսուել ու ա­ւար­տո­ւել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, այդ օ­րը գլխա­տուել է հայ ժո­ղովր­դի մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը` փոր­ձե­լով լռեց­նել նրան», ը­սած է ան: Այ­նու­հե­տեւ ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան բա­ցատ­րեց, թէ ին­չո՛ւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­ման կը գտնո­ւի ՀՀ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ: «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը ոչ միայն մեր ա­րեան, ծննդա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ է, այլ նաեւ` քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի, քա­նի որ այն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն է եւ պէտք է ստա­նայ իր ար­ժա­նի պա­տի­ժը, ա­ռանց մի­տում ու­նե­նա­լու յե­տա­գա­յում կրկնո­ւե­լու: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ է դար­ձել 1.5 մլն ­հայ, եւ այդ թե­ման իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քում է: Ա­մէն հայ­կա­կան ըն­տա­նիք ու­նի իր պատ­մու­թիւ­նը, գի­տի, թէ իր նախ­նի­նե­րից ով­քեր են սպա­նուել, ով­քեր են մնա­ցել ար­տաքս­ման ճա­նա­պար­հին… ­Բայց ­Թուր­քիան այ­սօր շա­րու­նա­կում է մեր­ժել»,- ը­սած է ան:

­Վի­գէն ­Սարգ­սեան մէջ­բե­րած է ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու այն հա­մո­զու­մը, որ ե­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ի­րա­գոր­ծած պե­տու­թիւ­նը չի ճանչ­նար իր յան­ցան­քը կը նշա­նա­կէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի:

«­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան չըն­դու­նե­լը եւ ու­րա­նա­լը ցե­ղաս­պա­նու­թեան վեր­ջին փուլն է: ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րին ­Թուր­քիան բա­ցա­յայտ շա­րու­նա­կում է իր նա­խորդ­նե­րից  ժա­ռան­գած նէոիմ­պե­րիա­լիզ­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

Թուր­քիան թշնա­մա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է վա­րում ­Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ. պե­տա­կան սահ­մա­նը փակ է, դա վեր­ջին փակ սահ­մանն է Եւ­րո­պա­յում: ­Սահ­մա­նի փակ մնա­լը գնա­լով ա­ւե­լի է ամ­րապնդ­ւում, ու այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ու­նի հիմ­նա­ւո­րում` ստեղ­ծել տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար, որ ա­ւե­լի զի­ջո­ղա­կան դառ­նայ ԼՂՀ-ի հար­ցում: Ի հար­կէ, սա այլ թե­մայ է եւ կապ չու­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ»,- ը­սած է ան:
­Վի­գէն ­Սարգ­սեան ընդգ­ծած է, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ է նաեւ այն պատ­ճա­ռով, որ մին­չեւ այ­սօր թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց թոյլ կու տան յայ­տա­րա­րել, որ ի­րենց հա­մար վի­րա­ւո­րա­կան է, որ մէ­կը ի­րենց հայ կո­չէ:

«Այ­սօր պատ­մու­թեան կրկնու­թիւն ենք տես­նում ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քում եւ այլ տե­ղե­րում, ո­րով­հե­տեւ դեռ կան մար­դիկ, ո­րոնք մտա­ծում են, որ ե­թէ չլի­նեն տո­ւեալ մար­դիկ, տո­ւեալ ազ­գու­թիւ­նը ի­րենց խնդիր­նե­րը կ՛­լու­ծո­ւէն, ու զէն­քը դառ­նում է քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գոր­ծիք: ­Մենք պար­տա­ւոր ենք հնչեց­նել զան­գե­րը, քա­նի որ պատ­մու­թիւ­նը կա­րող է կրկնո­ւել նաեւ մեզ մօտ: ­Բո­լո­րը յի­շում են ­Հիթ­լե­րի խօս­քե­րը` ուղ­ղո­ւած իր սպա­յա­կան անձ­նա­կազ­մին. «Ո՞վ է յի­շում ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին»: ­Սա ա­պա­ցու­ցում է, թէ ին­չու է կա­րե­ւոր յան­ցա­գոր­ծու­թեան պատ­ժու­մը ա­պա­գա­յի տե­սան­կիւ­նից»,- ը­սած է ան: ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան ընդգ­ծած է, որ ՀՀ-ի դիր­քո­րո­շու­մը ­Թուր­քիոյ հան­դէպ եր­բեք  թշնա­մա­կան չէ ե­ղած եւ նա­խա­պայ­ման­նե­րով յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ չէ կա­ռու­ցած, ի տար­բե­րու­թիւն ­Թուր­քիոյ: