­Մարտ 17-ին, Հ.Յ.Դ. Գե­րա­գոյն Մարմ­նոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան, Հ.Յ.Դ. Գ.Մ. ան­դամ­ներ Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան, Լի­լիթ Գալս­տեան, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Կի­րօ Մա­նո­յեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան եւ աշ­խա­տա­կից Պե­տօ Տէ­միր­ճեան հիւ­րըն­կա­լե­ցին «Եւ­րո­նեսթ» խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ան­դամ, սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ­նե­րու խմբակ­ցու­թեան փոխ­նա­խա­գահ Կ­նուտ Ֆ­լե­կենշ­տայ­նին եւ Վ­րաս­տա­նի Սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, խորհր­դա­րա­նի ան­դամ Գիա Ջոր­ջո­լիա­նին: Քն­նար­կո­ւե­ցան հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան ներ­կա­յա­ցուց Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­ցած ու­ղին:  «Ու­րախ ենք «Եւ­րո­նեսթ» խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րին ըն­դու­նել Հա­յաս­տա­նում: Գո­հու­նա­կու­թեամբ պէտք է ար­ձա­նագ­րեմ, որ մեր եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րի հետ այ­սօր էլ՝ ԵՏՄ-ին ան­դա­մակ­ցե­լուց յե­տոյ, կա­րո­ղա­նում ենք գտնել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր»,- նշեց Վար­դա­նեան: Կող­մե­րը քննար­կե­ցին Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի սո­ցիալ-դե­մոկ­րա­տա­կան խմբակ­ցու­թեան եւ Հ.Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րը: