Հ.Հ. վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ներկայութեամբ, կառավարութեան շէնքին մէջ ստորագրուեցաւ երեք փաստաթուղթ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
Փաստաթուղթերէն առաջինը «Կովկասեան ելեկտրահաղորդման ցանց» ծրագրին 10 միլիոն եւրօ ծաւալով վարկի համաձայնագիրն է, որ ստորագրած են Հ.Հ. ելեմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Եւրոպական Ներդրումային Դրամատան (Ե.Ն.Բ.) փոխ-նախագահ Վիլհելմ Մոլթերեր:
Միւս փաստաթուղթը «Կովկասեան ելեկտրահաղորդման ցանց» ծրագրի վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրն է, որ ստորագրած են Հ.Հ. ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան, Հ.Հ.ի մօտ Ե.Մ. պատուիրակութեան ղեկավար Տրայեան Հրիսթեան, Ե.Ն.Բ. փոխ-նախագահ Վիլհելմ Մոլթերեր, KfW զարգացման դրամատան ուժանիթի եւ փոխադրամիջոցներու ծրագիրներու ղեկավար Եան Պլում:
Երրորդ փաստաթուղթը «Արեւելեան Եւրոպայի ուժանիթի խնայողութեան եւ շրջակայ միջավայրի հիմնադրամին Հայաստանի անդամակցութեան մասին» ներդրման համաձայնագիրն է: Վերջինը ստորագրած են Հ.Հ. ուժանիթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան եւ ՎԶԵԲի (EBRD) կողմէ E5P հիմնադրամի ղեկավար Անտրես Լանտ:
Վարչապետ Աբրահամեան ողջունեց փաստաթուղթերու ստորագրումը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ անոնք իրենց նշանակալի դերն ու աւանդը պիտի ունենան թէ՛ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, թէ՛ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման գործին: