12 Մար­տին, Ռու­սիոյ նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղար Տ­միթ­րի Փես­քով հա­ղոր­դեց, որ Ռու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թին Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լէ` մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին

նուիրուած ձեռ­նարկ­նե­րուն:

 

Փես­քով ա­ւել­ցուց, որ Փու­թին իր այ­ցե­լու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը քննար­կած է Հա­յաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նա­կից Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ, նոյն օ­րը տե­ղի ու­նե­ցած հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մը ըն­թաց­քին: Ռու­սիա այն եր­կիր­նե­րէն է, ո­րոնք ճանչ­ցած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: