Ատրպէյճանի Կողմէ Լարուածութեան Ստեղծումը Անհետեւանք Պիտի Չմնայ. ԼՂՀ ՊԲ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը առ այն, թէ իբր անցած գիշեր հայկական ստորաբաժանումները յարձակողական գործողութիւններ իրականացուցած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, իրականութեան չի համապատասխաներ եւ ատրպէյճանական քարոզչութեան վառ երեւակայութեան հերթական արգասիքն է: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, նշելով թէ «Կը տեղեկա-ցընենք, որ Մարտ 11-ին եւ լոյս 12-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը հրադադարը մօտ 200 անգամ խախտած է, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ ականանետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 4000 կրակոց:
«ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: «Առաջնային գիծին երկայքով ստեղծուած լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ ատրպէյճանական կողմի վրայ եւ անհետեւանք պիտի չմնայ»: