­Լիւպ­լիա­նա ժա­մա­նած Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նը հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ս­լո­վե­նիա­յի փոխ վար­չա­պետ, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կարլ Էր­յա­վե­ցի հետ: ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ տա­րա­ծո­ւած տե­ղե­կա­տուու­թեան հի­մամբ՝ հան­ դիպ­ման ըն­թաց­քին ­Նալ­բան­դեան ը­սած է, որ իր այ­ցե­լու­թեան հիմ­նա­կան ու­ղերձն է՝ խո­րաց­նել տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Ս­լո­վե­նիա­յի հետ։ ­Կող­մե­րը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած են յա­ւե­լեալ ջան­քեր գոր­ծադ­րել՝ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժաց­ման, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման, ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ պար­բե­րա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու կա­յաց­ման, ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի ընդ­լայն­ման, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման նպա­տա­կով: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը նաեւ հա­մա­ձայ­նած են եր­կու եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն ա­ռա­ջար­կել՝ ձե­ւա­ւո­րել պատ­գա­մա­ւո­րա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բեր: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են նաեւ ­Հա­յաս­տան - Եւ­րա­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ ­

Պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան հա­մա­ձայն, ­Նալ­բան­դեա­նը վե­րա­հաս­տա­տեց ­Հա­յաս­տա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ հիմ­նո­ւե­լով ԵՄ-ի հետ վեր­ջին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած ձեռք­բե­րում­նե­րուն վրայ՝ խո­րաց­նե­լու ԵՄ-ի հետ հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բո­լոր հնա­րա­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, «հա­շո­ւի առ­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այլ մի­ջազ­գա­յին, հա­մարկ­ման ձե­ւա­չա­փե­րով»։ ­Նալ­բան­դեա­նը նաեւ անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ ­տա­րե­լի­ցի կա­պակ­ցութ­յամբ ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ նա­խա­տե­սո­ւած ո­գե­կոչ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն։

Այ­նու­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ղա­րա­բա­ղեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի ­Մինս­կի խում­բի ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու՝ ատր­պէյ­ճա­նա - ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րը:

Այս ծի­րէն ներս, Ս­լո­վե­նիա­յի փոխ վար­չա­պե­տը վե­րա­հաս­տա­տած է իր երկ­րի ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ԵԱՀԿ-ի ­Մինս­կի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդրի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ։ ­­Նոյն օ­րը ­Հա­յա­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին ծա­ւա­լուն ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կած է ­Լիւպ­լիա­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։