Նա­խորդ տա­րի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ մշա­կու­թա­յին եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւած են 24 ծրագ­րա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ 12ը մշա­ կու­թա­յին եւ 12ը ե­րի­տա­սար­դա­կան, ո­րոնց ծի­րին մէջ կա­տարուած են 328 ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց 216ը՝ մշա­կու­թա­յին, 112ը՝ ե­րի­տա­սար­դա­կան: Այս մա­սին, ըստ «Ար­ցախփրես»ի, յայտ­նած է գե­րա­տես­չու­թեան ղե­կա­վար Նա­րի­նէ Ա­ղա­բա­լեա­նը, նա­խա­րա­րու­թեան 2014 թո­ւա­կա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ամ­փոփ­ման ա­ռի­թով կա­յա­ցած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին:

Նա­խա­րար Ն. Ա­ղա­բա­լեա­նի հա­մա­ձայն՝ հաշուե­տու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մշա­կու­թա­յին ո­լոր­տի գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն­ներ ճշդո­ւած են մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան պահ­պա­նումն ու վե­րար­տադ­րու­թիւ­նը, մշա­կու­թա­յին կրթու­թեան հա­մա­կար­գի կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը, թան­գա­րա­նա­յին գոր­ծի կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նե­րու­ժի դրսե­ւոր­ման ու տա­րած­ման պայ­ման­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը, մշա­կու­թա­յին երկ­խօ­սու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցումն ու մշա­կու­թա­յին քա­րոզ­չու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը: «­Մաս­նա­ւո­րա­պէս մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան եւ ճա­նա­չո­ղու­թեան, հան­րայ­նաց­ման, ինչ­պէս նաեւ ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի շրջա­նակ­նե­րում, ի­րա­կա­նա­ցո­ւել են ժո­ղովր­դա­կան ար­հեստ­նե­րի ու­սուց­ման ծրագ­րե­րի ներդր­ման, փա­ռա­տօ­նե­րի եւ տօ­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի կազ­մա­կերպ­ման ծրագ­րեր: Մ­շա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րի նա­խա­րա­րու­թիւնն ա­ջակ­ցու­թիւն է ցու­ցա­բե­րել Ճար­տա­րի ա­րո­ւես­տի դպրո­ցում եւ Շու­շիի Ա. Խա­չատ­րեա­նի ա­նո­ւան պե­տա­կան Հու­մա­նի­տար Քո­լե­ջում՝ գոր­գա­գոր­ծու­թեան ու­սու­ցո­ղա­կան ծրագ­րե­րի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար: Շու­շիում շա­րու­նա­կո­ւել է բրու­տա­գոր­ծու­թեան զար­գաց­ման ծրա­գի­րը: Հան­րա­պե­տու­թիւ­նում ա­ռա­ջին ան­գամ կազ­մա­կեր­պո­ւել են «Ար­ցա­խեան գոր­գա­րո­ւեստ», «­Տոհ­մա­ծառ» մրցոյթ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ թոն­րա­հա­ցի տօ­նը՝ Խանցկ գիւ­ղում եւ «Ար­ցա­խեան թթո­ւի փա­ռա­տօ­նը»՝ Դ­րախ­տի­կում: Ի­րա­կա­նա­ցո­ւել է նաեւ ազ­գագ­րա­կան պա­րե­րի ու­սուց­ման ծրա­գի­րը»,- յայտ­նած է ան։

Ըստ Ն. Ա­ղա­բա­լեա­նի՝ հա­շո­ւե­տու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին բար­բա­ռի եւ ընդ­հան­րա­պէս ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման եւ հան­րահռ­չակ­ման ա­ռու­մով նոր թափ ստա­ցած է գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ գե­րա­տես­չու­թեա­նը կից ստեղ­ծո­ւած «­Ղու­կա­սեան եղ­բայր­նե­րի ա­նո­ւան Ար­ցա­խի բար­բա­ռի եւ ազ­գագ­րու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման կենտ­րոն»ի գոր­ծու­նէու­թեան մեկ­նար­կով: Աշ­խոյժ ըն­թացք տրո­ւած է նաեւ բա­նա­հա­ւաք­ման եւ բար­բա­ռա­յին նիւ­թե­րու հա­ւա­քագր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: Այդ նպա­տա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն սկսած է Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նե­րուն մի­ջեւ, ինչ­պէս նաեւ տար­բեր գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հետ: Աշ­խա­տանք­ներ տա­րո­ւած են հա­մա­հա­ւաք մա­տե­նա­գի­տու­թեան ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ: