Հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը կրկին լա­րո­ւած է. հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման դէպ­քե­րը ա­ւել­ցած են շուրջ ե­րեք ան­գա­մով»,- ը­սած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի

մամ­լոյ քար­տու­ղար Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան, «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին ե­րէկ տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին:

 

­Յով­հան­նի­սեան յայտ­նած է, որ քա­նի մը օր շա­րու­նակ ի­րա­վի­ճա­կը լա­րո­ւած ե­ղած է. ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը կրկին դի­մած է սադ­րանք­նե­րու` քա­նի մը վայ­րե­րու մէջ փոր­ձե­լով ա­պա­կա­յու­նաց­նել ի­րա­վի­ճա­կը: «21 Փետ­րո­ւա­րէն ետք, դժո­ւա­րու­թեամբ կա­յու­նա­ցած ի­րա­վի­ճա­կը, Ատր­պէյ­ճա­նի քայ­լե­րուն հե­տե­ւան­քով, կրկին լա­րո­ւած է: ­Սադ­րան­քէն ետք պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ: Ու­նինք կարգ մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին վե­րա­բե­րեալ. մեր դի­տար­կու­մով՝ պէտք է ու­նե­նան ար­դէն 3 սպա­նեալ­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կուն ինք­նու­թիւ­նը ար­դէն ո­րոշ է՝ ­Միր­զա­յեւ ­Մեհ­տին Ա­պիօղ­լու»,- ը­սած է ան: ­Տե­ղի ու­նե­ցա­ծին առն­չու­թեամբ, ըստ ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի մամ­լոյ քար­տու­ղա­րին, հայ­կա­կան կող­մը հրա­ւի­րած է մի­ջազ­գա­յին միջ­նոր­դա­կան կա­ռոյց­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ զգու­շա­ցու­ցած` «ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին վրայ կ­՛իյ­նայ ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը»: Ըստ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րուն, տա­րո­ւան սկիզ­բէն ի վեր հա­կա­ռա­կոր­դի գնդա­կէն զո­հո­ւած է 15 անձ, նե­րա­ռեալ` 3 խա­ղաղ բնա­կիչ: Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան ը­սած է, որ այս ըն­թաց­քին ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը ու­նե­ցած է շուրջ ե­րեք ան­գամ ա­ւե­լի կո­րուստ, սա­կայն այդ մա­սին չի յայտ­ներ: ­Պատ­ճա­ռը, ըստ ­Յով­հան­նի­սեա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հին 24 ­Սեպ­տեմ­բեր 2014ի յայտ­նի հրա­մա­նա­գիրն է` «­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ անվ­տան­գու­թեան շարք մը կա­նոն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ»:

«Են­թար­կո­ւե­լով այդ կար­գադ­րու­թեան, Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հան­րու­թե­նէն ուղ­ղա­կի կը պա­հէ սե­փա­կան կո­րուստ­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւ­նը»,- եզ­րա­փա­կած է ­Յով­հան­նի­սեան: