25 Փետրուարին Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ ընթացք առաւ բարեսիրական նախաձեռնութիւն մը։ «Կեանքի ծաղիկ» արշաւին նպատակն է օգնութիւն ցուցաբերել մայրանալու խնդիր ունեցող ընտանիք
ներուն՝ «Արագիլ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան հիմնադրամին միջոցով: Համահայկական նախաձեռնութեան միանալու համար փափաքողները կրնան այցելել flowersoflife.am կայքը եւ գնել ընդամէնը 500 դրամ արժողութեամբ «Կեանքի Ծաղիկը»՝ Անմոռուկը:
«Կեանքի Ծաղիկ» շարժման հեղինակ-ղեկավար Քրիստինա Յարութիւնեան, ներկայացուց իր պատմութիւնը, որ դարձած է այդ արշաւին նախաձեռնելու իւրայատուկ շարժառիթ: Անոր համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դէմ պէտք է պայքարիլ գործնական քայլերով ու կեանք տալ մեծ թիւով հայերու՝ ի յիշատակ 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն: «Ես առողջական խնդիր եմ ունեցել տարիներ առաջ ու հնարաւոր էր երբեք երեխայ չունենայի, ես զգացել եմ այդ դժուար պահը, երբ հոգու եւ սրտի դատարկութիւնը հնարաւոր չէր ոչ մի բանով լրացնել:
Բարեբախտաբար, այսօր ունեմ երեք զաւակ եւ շնորհակալութիւն եմ յայտնում Աստծուն դրա համար:
Այս էր պատճառը, որ ինձ մօտ առաջացաւ միտքը իրականացնելու մի ծրագիր, որը կ՛օգնի ու երեխայ ունենալու բերկրանք կը պարգեւի վերատադրողական խնդիրներ ունեցող անապահով ընտանիքներին»,- նշեց Քրիստինա Յարութիւնեան:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները նշաձող սահմանած են 15 միլիոն «Կեանքի Ծաղիկ» վաճառել, որով բժշկական օգնութեան արժանանալու կարելիութիւն պիտի ստանայ վերարտադրողական խնդիր ունեցող 6000 հայ ընտանիք: Տնօրէն Սուսսաննա Գաբրիէլեան ներկայացուց հիմնադրամի գործունէութեան արդիւնքները: «1242 զոյգ դիմել է ծրագրին, որոնցից 442ը ստացել է ուղեգիր այս կամ այն բժշկական հաստատութիւններ: 224 զոյգի մօտ բժշկական միջամտութիւնն արդէն աւարտել է, 112 յղութիւն է գրանցուել: 61 կին ծննդաբերել է, որի արդիւնքում ծնուել է 82 երեխայ, 26 զոյգ այս պահին սպասում է երեխայի, իսկ 25 զոյգի մօտ չի ստացուել պահպանել յղութիւնը»,- տեղեկացուց Սուսաննա Գաբրիէլեան:
Մէկ զոյգի համար միջին հաշուով կը ծախսուի 4-5 հազար տոլարի համարժէք դրամ: «Կեանքի Ծաղիկ» բարեսիրական արշաւը պիտի տեւէ մինչեւ 24 Ապրիլ։