Ըստ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար, պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար զօր. Մով­սէս Յա­կո­բեա­նի՝ Ատր­պէյ­ճան նոր մար­տա­վա­րու­թիւն որ­դեգ­րած է ու ան­ցած եր­կա­րա­տեւ հիւ­ծող պա­տե­րազ­մի: Ըստ Մ. Յա­կո­բեա­նի՝ 2014 թո­ւա­կա­նը եւ 2015 թո­ւա­կա­նի սկիզ­բը շփման գի­ծին մէջ լա­րո­ւա­ծու­թեան ա­ռու­մով ա­ռանձ­նա­յա­տուկ էին: Ե­թէ 2013 թո­ւա­կա­նին հա­կա­ռա­կոր­դը հե­տա­խու­զա­կան-ներ­թա­փանց­ման փորձ չէ կա­տա­րած, 2014ին ար­ձա­նագ­րո­ւած է 19 փորձ, իսկ այս տա­րո­ւան ա­ռա­ջին եր­կու ա­միս­նե­րուն, 24 նման փոր­ձէ ին­նին պա­րա­գա­յին, հա­կա­ռա­կոր­դը կրցած է ներ­թա­փան­ցել պաշտ­պա­նու­թեան խոր­քը: Սա­կայն ա­սի­կա ցու­ցա­նիշ չէ հա­կա­ռա­կորդ բա­նա­կի պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան մա­կար­դա­կին: «­Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի վեր­լու­ծու­թիւ­նը ցոյց է տա­լիս, որ դի­ւեր­սիոն (diversion) գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն ի­րա­կա­նաց-­ւել են մէկ ստո­րա­բա­ժան­ման մի­ջո­ցով, ո­րը պատ­րաս­տու­թիւն է ան­ցել Թուր­քիա­յում»: Այդ յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­նե­րուն ար­ցա­խեան դիր­քե­րուն մէջ ար­ժա­նի հա­կա­հա­րո­ւած տո­ւած են հայ զինո­ւոր­նե­րը: Ցա­ւօք, մար­տա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը կա­տա­րե­լու ա­տեն, այդ գոր­ծո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին նաեւ կո­րուստ­ներ ու­նե­ցած է հայ­կա­կան կող­մը։ Ըստ զօր. Յա­կո­բեա­նի՝ «մէկ դէպ­քի ժա­մա­նակ մէկ զի­նո­ւոր ենք կորց­րել, մէկ այլ դէպ­քում՝ հա­կա­ռա­կոր­դի ներ­թա­փանց­ման ժա­մա­նակ ա­կա­նա­պա­տո­ւած տա­րածք­նե­րի ա­կա­նա­զերծ­ման ըն­թաց­քում վի­րա­ւո­րո­ւել են ե­րեք զին­ծա­ռա­յող»: Հե­տա­խու­զա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թի­ւի ա­ճը եւ զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու բազ­մա­ցու­մը Ար­ցա­խի բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րին կը յու­շեն հա­կա­ռա­կոր­դին ընտ­րած նոր մար­տա­վա­րու­թեան մա­սին.- «դրա­նով ադր­բե­ջա­նա­կան հան­րու­թեան առ­ջեւ հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն են ներ­կա­յաց­նում եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեանն են շան­տա­ժի (սպառ­նա­լի­քի) են­թար­կում, բայց, ի հար­կէ, այն ա­ռա­ջին հեր­թին հայ­կա­կան կող­մին է ուղ­ղուած»: «Խն­դի­րը մնա­ցել է նոյ­նը՝ ցան­կա­ցած տե­ղում հա­յին վնաս պատ­ճա­ռել՝ հաս­կա­նա­լով ինչ ար­ձա­գանգ են ու­նե­նում մեր կո­րուստ­նե­րը հա­սա­րա­կու­թեան մէջ: Երկ­րորդ՝ փոր­ձում է Հա­յաս­տա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղին ներ­քա­շել սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րի մրցա­վազ­քի մէջ, նե­րազ­դել Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կի վրայ եւ նպաս­տել ար­տա­գաղ­թին»:

«Ադր­բե­ջա­նա­կան կող­մին հա­մար­ժէք պա­տաս­խան տա­լու հա­մար պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կում էլ ո­րո­շում­ներ են փո­փոխուել, նաեւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուել է սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը, զօր­քի մար­տու­նա­կու­թեան աս­տի­ճանն է բարձ­րա­ցո­ւել: Ա­ռա­ջին դիր­քում վեր­ջին նո­րա­մու­ծու­թիւն­նե­րը մէկ-եր­կու ամ­սո­ւայ թար­մու­թիւն ու­նեն»,- յայտ­նած է ան։

Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին հրա­մա­նա­տա­րը, սա­կայն, այն կար­ծի­քին է, որ ա­ռաջ­նա­գի­ծին մէջ ա­մէն ինչ նախ եւ ա­ռաջ կախեալ է զի­նո­ւո­րին ա­չալր­ջու­թե­նէն եւ մար­տա­կան ո­գիէն։ Այս տո­ւեալ­ներն են, որ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին կա­րե­լիու­թիւն տո­ւած են 2014ին կա­տա­րե­լու ի­րեն վստա­հո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ ա­պա­հո­վել Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թիւ­նը: