Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, գիրք նուիրելու օրուան խորհուրդը օգտագործելով, Փետրուար 19ին լրագրողներուն եւ ուսուցիչներուն ներկայացուցած է անոնց համար նախատեսուած գիր քեր:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, Հայոց Ցեղասպանութեան թեման դասաւանդելու եւ լուսաբանելու նախընտրելի ուղիներ նախանշող ուղեցոյցները լոյս տեսած են Հ.Հ. նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան` Հայաստանի Երիտասարդական Հիմնադրամի յայտարարած դրամաշնորհային մրցոյթի ծիրէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի եւ «Պրոսպեկտուս Տարածաշրջանային եւ Քաղաքական Հետազօտութիւններու Կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ջանքերով: Մինչ ձեռնարկներու լոյս ընծայումը թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացած են դասընթացքներ լրագրողներու եւ ուսուցիչներու համար: Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի փոխ-տնօրէն Սուրէն Մանուկեանի խօսքով` ուսուցիչներն ու լրագրողները հասարակութեան երկու ազդեցիկ խումբերն են, որոնք կը ձեւաւորեն արժէքային համակարգ եւ սերունդներուն կը փոխանցեն գաղափարներ, տեսլականներ: Հետեւաբար, անոնց համար նախատեսուած ձեռնարկները կը նպաստեն Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային ճիշտ ներկայացման մէկ կողմէ` կրտսեր սերունդին, միւս կողմէ` արդէն հասուն քաղաքացիներուն:
Սուրէն Մանուկեան նշած է այն առանցքային կէտերը, զորս պէտք է շեշտադրել Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներկայացնելու ընթացքին:
«Ես կարծում եմ, որ հարկի եւ անհարկի պէտք չէ օգտագործել «ցեղասպանութիւն» բառը: Այն դարձել է հասարակ տերմին (եզրոյթ), որով բացատրում են մի որեւէ մեծ յանցագործութիւն: Սրանից պէտք է խուսափել, քանի որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած ամենամեծ ոճիրն է, որն ունի իրաւաբանական գնահատական ու սահմանում»: Բացի այդ, Սուրէն Մանուկեան խորհուրդ տուած է, որ լրատուամիջոցները չսահմանափակուին միայն 1,5 միլիոն զոհերու մատնանշումով, այլեւ ներկայացնեն անհատներու պատմութիւններ: «Մենք պէտք է հասկնանք, որ 1,5 միլիոնէն ամէն մէկը ունեցած է մէկ մարդկային ճակատագիր ու պատմութիւն: Երբ մենք կը ներկայացնենք նիւթը մէկ մարդու պատմութեամբ, ատիկա աւելի ազդեցիկ է: «Վերջապէս կան որոշ կարծրատիպեր, որոնք պէտք է հանուին մեզմէ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ ընդունիլ միայն որպէս մեծ ողբերգութիւն, առաջին հերթին` ան յանցագործութիւն է, որ իր իրաւական հետեւանքները պէտք է ունենայ: Բացի այդ` ան նաեւ մեծ ժողովուրդի հերոսութիւնն է, հերոսական վերապրում է, ես նկատի չունիմ միայն ինքնապաշտպանական մարտերը, որոնք ինքնին հերոսութիւն են, այլ նաեւ մէկ հասարակ հայ կնոջ, հասարակ հայ որբուկի վերապրումը, որ, ամէն ինչ կորսնցնելով իսկ վերապրած եւ ստեղծած է նոր ընտանիք ու ազգի սկիզբ տուած: Ասոնք պատմութիւններ են, որ մեզի պէտք է ոգեւորեն»,- շեշտած է Սուրէն Մանուկեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ գիրքերը ելեկտրոնային տարբերակով առկայ են նաեւ Թանգարան-հիմնարկի կայքին մէջ, ու փափաքողները կրնան ներբեռնել:
Դրամաշնորհային ծրագրի համակարգող Գայիանէ Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնած է թանգարան-հիմնարկին թէ’ նշեալ ձեռնարկներուն, թէ’ որեւէ ծրագրի իրագործման ուղղութեամբ աջակցութեան համար: «Ինչպէ՞ս դասաւանդել Հայոց Ցեղասպանութեան թեման» եւ «ինչպէ՞ս լուսաբանել Հայոց Ցեղասպանութեան թեման» գիրքերուն մէջ առկայ են ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր փաստաթուղթեր, մասնագէտներու դասախոսութիւններու բնագիրները: