Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 20 ին տեսակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններու դեսպաններուն հետ:
Աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, նախագահը կարեւոր նկատած է աւանդական դարձած այսպիսի անմիջական յարաբերութիւններն ու միտքերու փոխանակումը:
Նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը եւ ներուժը եւրոպական անվտանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ տագնապներու լուծման գործին մէջ:
Սարգսեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին` ընդգծելով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու աշխուժ դերակատարութեան պահպանումը շատ կարեւոր է ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն եւ մեր անմիջական շրջանին, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպայի անվտանգութեան համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս ընդգծած է տարբեր առիթներով բազմիցս հրապարակուած Հայաստանի այն դիրքորոշումը, ըստ որուն, միջազգային իրաւունքի եւ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքները չեն կրնար կամայականօրէն մեկնաբանուիլ, եւ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ գերակայ ըլլալ միւսին նկատմամբ:
Նախագահը ներկայացուցած է Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու միջնորդութեամբ անցեալ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած բանակցային հոլովոյթը, այս հանգրուանին գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններն ու խնդիրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտեցումները առկայ խնդիրներու լուծման վերաբերեալ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 2015 թուականին կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն, ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման խորհուրդին, միջազգային այժմէական խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, խաղաղութեան սպառնացող վտանգներուն, Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հարցերուն: Վերոնշեալ հարցերուն շուրջ տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում: Հանրապետութեան նախագահը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն: