­Վե­նե­տի­կի փա­ռա­տօ­նի մրցա­նա­կա­կիր, գեր­մա­նաբ­նակ թուրք բե­մադ­րիչ ­Ֆա­թիհ Ա­քը­նի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած «Ս­պի» շար­ժան­կա­րը ­Փետ­րո­ւար 19էն հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ դի­տել հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րի սրահ­նե­րուն մէջ: ­Շար­ժան­կա­րին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ­՛ու­նե­նան 1915 թո­ւա­կա­նի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ: ­Շար­ժան­կա­րը կը պատ­մէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած հայ մար­դու` ­Նա­զա­րէթ ­Մա­նու­կեա­նի մա­սին, որ կորսն­ցու­ցած է իր ըն­տա­նի­քը եւ տա­րի­ներ ետք յան­կար­ծա­կի կ­՛ի­մա­նայ, որ իր զոյգ աղ­ջիկ­նե­րը հնա­րա­ւոր է ողջ մնա­ցած են: Ան կը սկսի իր զա­ւակ­նե­րուն փնտռտուք­նե­րը: ­Շար­ժան­կա­րին մէջ նկա­րա­հա­նո­ւած են Ար­սի­նէ ­Խան­ջեան, ­Սի­մոն Աբ­գա­րեան, Ա­քըն ­Ղա­զին եւ այլք: Գլ­խա­ւոր հե­րո­սը մարմ­նա­ւո­րած է ծա­գու­մով ալ­ժիր­ցի ­Թա­հար ­Ռա­հիմ: