19 ­Փետ­րո­ւա­րին, 11 տա­րի ա­ռաջ, ­Պու­տա­փեշ­տի մէջ ատր­պէյ­ճան­ցի ­Ռա­միլ ­Սա­ֆա­րո­վը կա­ցի­նա­հա­րեց հայ սպայ ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեա­նը: 2006թ. Ապ­րիլ 3-ին ­Պու­տա­փեշ­տի դա­տա­րա­նը մար­դաս­պան ­Սա­ֆա­րո­վը դա­տա­պար­տած էր ցմահ ա­զա­ տազրկ­ման՝ 30 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­ռանց ներ­ման ի­րա­ւուն­քի:­Սա­կայն 2012թ­-ին Օ­գոս­տոս 31-ին հունգա­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ցմահ ա­զա­տազրկ­ման դա­տա­պար­տո­ւած ­Սա­ֆա­րո­վը ար­տա­յանձ­նեց Ատըր­պէյ­ճա­նին, որ­մէ ետք  Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ նե­րում շնոր­հեց մար­դաս­պա­նին, ա­պա հե­րո­սի կո­չում տո­ւաւ:

Ա­տոր հե­տե­ւե­ցաւ նաեւ պաշ­տօ­նի ու կո­չու­մի բարձ­րա­ցումն ու վեր­ջին 8 տա­րի­նե­րուն չվճա­րո­ւած աշ­խա­տա­վար­ձի փո­խան­ցու­մը:

Այս ա­մէ­նուն հե­տե­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ո­րո­շու­մը՝ կա­սեց­նել դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Հուն­գա­րիոյ  հետ:

­Յի­շեց­նենք, որ նոյն օ­րը ոճ­րա­գոր­ծը մա­հա­փորձ  կա­տա­րած էր նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու մէկ այլ սպա­յի նկատ­մամբ, որ կան­խո­ւած էր: