­Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ըն­դու­նած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու պե­տա­կան քար­տու­ղա­րին Եւ­րո­պա­յի եւ Եւ­րա­սիոյ հար­ցե­րով տե­ղա­կալ ­Վիք­թո­րիա ­Նու­լըն­տը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դեն Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­

խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան եւ տե­ղե­կատ­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն:

 

­Նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րը մեր երկ­րին մէջ եւ յոյս յայտ­նած, որ տի­կին ­Նու­լըն­տի այ­ցը Ե­րե­ւան նոր շունչ պի­տի հա­ղոր­դէ հայ-ա­մե­րի­կեան բարձր մա­կար­դա­կի երկ­խօ­սու­թեան: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի հա­մոզ­մուն­քով՝ այս­պի­սի այ­ցե­րը լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն են` քննար­կե­լու ինչ­պէս երկ­կողմ օ­րա­կար­գի, այն­պէս ալ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հար­ցեր, եւ հա­մա­տեղ լու­ծում­ներ փնտռե­լու առ­կայ խնդիր­նե­րուն:

­Նա­խա­գա­հը յոյս յայտ­նած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա.Մ.Ն. նո­րան­շա­նակ դես­պան ­Ռի­չըրտ ­Միլս, ո­րուն հետ հան­դի­պած է օ­րերս, նոյն­պի­սի աշ­խու­ժու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր նա­խոր­դին` ­Ճոն ­Հե­ֆըր­նի գոր­ծը, մեծ ա­ւանդ ու­նե­նա­լով հայ-ա­մե­րի­կեան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ:

­Սերժ ­Սարգ­սեան ընդգ­ծած է, որ ­Հա­յաս­տան մե­ծա­պէս կա­րե­ւոր կը հա­մա­րէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման գոր­ծին մէջ, յատ­կա­պէս` իբ­րեւ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­կի ­Խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր, Ա.Մ.Ն.ի աշ­խոյժ ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ: ­Նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է բա­րե­կամ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան` ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր ­Հա­յաս­տա­նին ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:

­Վիք­թո­րիա ­Նու­լընտ գո­հու­նա­կու­թեամբ խօ­սած է, ­Հա­յաս­տան այ­ցի ծի­րէն ներս, մինչ այս պե­տա­կան մար­մին­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ ու­նե­ցած իր հան­դի­պում­նե­րուն մա­սին: Ան ընդգ­ծած է, թէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը պատ­րաս­տա­կամ են քննար­կե­լու ­Հա­յաս­տա­նին Ա.Մ.Ն.ի հե­տա­գայ ա­ջակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: ­Տի­կին ­Նու­լընտ նշած է, որ իր եր­կի­րը խո­րա­պէս շա­հագրգ­ռո­ւած է օգ­տա­կար ըլ­լա­լու ­Հա­յաս­տա­նին` տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման, բա­րե­փո­խում­նե­րու, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կա­յաց­ման հար­ցե­րուն մէջ եւ ընդգ­ծած վե­րո­յի­շեալ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րը­ւած դրա­կան ձեռք­բե­րում­նե­րը:

Ա.Մ.Ն. պե­տա­կան քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կա­լը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է ­Հա­յաս­տա­նին` խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղո­ւած մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս` ­Քո­սո­վո­յի եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շա­հագր­գիռ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը մտքեր փո­խա­նա­կած են Լ.Ղ. հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ առ­կայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ, քննար­կած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ի նպաստ տա­րա­ծաշր­ջա­նի խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տօ­րէն շա­րու­նա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: