Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը՝ իր մօտեցումները, ծրագիրները, երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն վերաբերեալ դիրքորոշումները ներկայացնելու, բացատրե
լու եւ ճշդելու նպատակով՝ նախաձեռնած է հանրային քննարկումներու հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի մամլոյ դիւանի հաղորդագրութեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Գերագոյն Մարմնի անդամ Լիլիթ Գալստեան, քանի մը օր առաջ, հանդիպած են շուրջ երկու տասնեակ երեւելի մտաւորականներու հետ: «Հ.Յ.Դ.ն կը ցանկայ քննարկումներու միջոցով լսել քաղաքացիներուն կարծիքները, զանոնք մասնակից դարձնել գոյութիւն ունեցող հիմնահարցերու լուծման»,- մասնաւորապէս ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: