Վե­րաբ­նա­կեց­ման ծրա­գի­րը ԼՂՀ կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն է: Այդ իսկ պատ­ճա­ռով ԼՂՀ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տա­րիէ տա­րի կը մեծց­նեն վե­րաբ­նա­կեց­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած գու­մա­րը:

«Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Լ.Ղ.Հ. փոխ-վար­չա­պետ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան շեշ­տած է, որ ար­դէն եր­րորդ տա­րին է՝ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ վե­րաբ­նա­կիչ­նե­րուն շի­նա­նիւթ տրա­մադ­րե­լու ծրա­գի­րը:

«­Վեր­ջին 3 տա­րում պե­տա­կան պիւտ­ճէից մէկ մի­լիա­ռից ա­ւել գու­մար է յատ­կա­ցո­ւել այդ ծրագ­րին: 2015 թո­ւա­կա­նին պե­տա­կան պիւտ­ճէով նա­խա­տե­սո­ւած է տրա­մադ­րել 350 մի­լիոն դրամ՝ շի­նա­նիւթ ձեռք բե­րե­լու եւ այն վե­րաբ­նա­կիչ­նե­րին յանձ­նե­լու հա­մար: ­Սա շատ կա­րե­ւոր ծրա­գիր է, ո­րով­հե­տեւ նա­խորդ 10 տա­րում ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նում վե­րաբ­նա­կե­ցո­ւած ըն­տա­նիք­նե­րը կա­րիք ու­նեն բնա­կա­րա­նա­յին պայ­ման­նե­րի բա­րե­լաւ­ման»,- ը­սած է Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան` շեշ­տե­լով, որ 2014ին վե­րաբ­նա­կեց­ման ա­ջակ­ցող կա­րե­ւոր ծրա­գիր­նե­րէն է լի­բա­նա­նա­հայ հա­մայն­քի նա­խա­ձեռ­նած «Ա­րի» ծրա­գի­րը, ո­րուն ծի­րէն ներս այս տա­րի 50 ա­ռանձ­նա­տուն պի­տի յանձ­նո­ւի օգ­տա­գործ­ման:

­Վե­րաբ­նա­կեց­ման ա­ռանց­քա­յին ծրա­գիր­նե­րէն մէ­կը, ըստ փոխ-վար­չա­պե­տին, Ազ­գա­յին ­Վի­ճա­կա­խա­ղի ի­րա­կա­նա­ցումն է: Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեա­նի հա­ւաս­տիա­ցու­մով, ար­դէն երկ­րորդ տա­րին ըն­թա­ցող Ազ­գա­յին ­Վի­ճա­կա­խա­ղը բարձր ար­դիւնք­ներ ցոյց կու տայ. հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ինք կ­՛ա­ջակ­ցի Ար­ցա­խի վե­րաբ­նա­կեց­ման` գնե­լով վի­ճա­կա­խա­ղի տոմ­սեր:

«Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րում է Ազ­գա­յին ­Վի­ճա­կա­խա­ղի անց­կաց­մամբ վե­րաբը­նա­կեց­ման ծրագ­րի խթա­նու­մը: Ա­ւար­տին է մօ­տե­նում Իշ­խա­նա­ձո­րում 10 ա­ռանձ­նա­տան կա­ռու­ցու­մը, ո­րի գու­մարն ա­ռա­ջա­ցել է 2013ի վի­ճա­կա­խա­ղի շա­հոյ­թից: 2014ին վի­ճա­կա­խա­ղի շա­հոյ­թը նոյն­պէս կ’ուղ­ղո­ւի Իշ­խա­նա­ձո­րում են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րի բա­րե­լաւ­մա­նը»,- ը­սած է Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան` ա­ւելց­նե­լով, որ Իշ­խա­նա­ձո­րի հա­մայնքն ու­նի բնա­կիչ­ներ ըն­դու­նե­լու եւ ա­նոնց բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու բո­լոր աղ­բիւր­նե­րը: «Իշ­խա­նա­ձո­րի հա­մայն­քում այ­սօր 240 բնա­կիչ կայ, գոր­ծում է գիւ­ղա­պե­տա­րան եւ դպրոց:

­Գիւղն ա­պա­հո­վո­ւած է խմե­լու ջրով եւ ու­նի հսկա­յա­կան տա­րածք­ներ բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան հա­մար: ­Մեր ա­ռաջ­նա­յին նպա­տակն Իշ­խա­նա­ձո­րի հա­մայն­քում բնա­կիչ­նե­րի թի­ւը 1000ի հասց­նելն է»,-ը­սած է Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան`

ա­ւելց­նե­լով, որ Իշ­խա­նա­ձո­րի վե­րաբ­նա­կե­ցու­մը սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած է մէկ այլ` Ա­րաք­սի ա­փի վե­րաբ­նա­կեց­ման ծրագ­րին հետ: ­Փոխ-վար­չա­պե­տին գնա­հա­տու­մով, ի­րենց առ­ջեւ յա­ւակ­նոտ եւ պա­տաս­խա­նա­տու նպա­տակ դրած են եւ վստահ են, որ ար­դիւն­քը դրա­կան պի­տի ըլ­լայ:

«Ա­րաք­սի հո­վիտ» ծրագ­րի ուղ­ղու­թեամբ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը եւ պիզ­նես (գոր­ծա­րար) մի­ջա­վայ­րի ձե­ւա­ւո­րու­մը` նպա­տակ ու­նե­նա­լով այդ շրջա­նին մէջ եւս ի­րա­կա­նաց­նել վե­րաբ­նա­կեց­ման աշ­խա­տանք­ներ:

«Ա­րաք­սի ա­փի վե­րաբ­նա­կեց­ման ծրագ­րին ի­րա­գոր­ծու­մը նոր աշ­խա­տա­տե­ղեր կը բա­ցի: ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նպա­տակ է դրել 10 հա­զար հա. հող նա­խա­պատ­րաս­տել հո­ղա­գոր­ծու­թեան հա­մար: ­Մէկ հա.ի հա­մար ներդ­րո­ւած գու­մա­րը 400.000 դրամ է: ­Լաւ ենք հաս­կա­նում, որ այ­սօր հո­ղօգ­տա­գոր­ծողն ի վի­ճա­կի չէ իր գրպա­նից այդ գու­մա­րը ներդ­նել եւ մա­շու­մի են­թար­կո­ւած հո­ղը վե­րամ­շա­կել ու հո­ղա­գոր­ծու­թեամբ զբա­ղո­ւել: ­Հե­տե­ւա­բար, պե­տա­կան ռե­սուրս­նե­րը (աղ­բիւր­նե­րը) ներդր­ւում են՝ ակն­կա­լի­քով, որ հո­ղօգ­տա­գոր­ծո­ղը մէկ հա.ից կը ստա­նայ մի քա­նի մի­լիոն շա­հոյթ եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ’ու­նե­նայ 10 տա­րո­ւայ ըն­թաց­քում վճա­րե­լու պե­տա­կան ներդ­րումն ու դառ­նա­լու հո­ղի սե­փա­կա­նա­տէր»,- ը­սած է Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան:

Ար­դէն երկ­րորդ տա­րին է, Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ Ազ­գա­յին ­Վի­ճա­կա­խա­ղը, ո­րուն հա­սոյ­թը կ­՛ուղ­ղո­ւի երկ­րին մէջ վե­րաբ­նա­կեց­ման ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման: Ազ­գա­յին ­Վի­ճա­կա­խա­ղի յաղ­թա­կան­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ­՛ու­նե­նան ձեռք բե­րել «­Ղա­րա­բաղ ­Կար­պետ» ըն­կե­րու­թեան գոր­գեր: Ա­սի­կա նաեւ կը խթա­նէ աշ­խա­տա­տե­ղե­րու բա­ցում, քա­նի որ ան­ցեալ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին գոր­ծա­րա­նը Ար­ցա­խի շարք մը շրջան­նե­րու մէջ ար­տադ­րա­մա­սեր բա­ցած է: