Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 Փետրուարին ընդունած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ գոհունակութեամբ ընդգծած, որ վերջին տարիներու բարձրաստիճան հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն եւ նոր շունչ կու տան երկկողմանի յարաբերութիւններուն` կարելիութիւն տալով փոխադարձ այցելութիւններու ընթացքին քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու հայ-վրացական բազմազան օրակարգի արդիական հարցերուն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը համակարծիք եղած են, որ պատմական ամուր հիմքի վրայ կառուցուած հայ-վրացական եղբայրական եւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները տարուէ տարի կ՛ամրապնդուին միջպետական մակարդակին վրայ` հաստատելով, որ այս իմաստով խորհրդարանականներուն դերը անփոխարինելի է:
Սերժ Սարգսեանն ու Դաւիթ Ուսուփաշվիլին կարեւոր նկատած են նաեւ երկու պետութիւններուն կողմէ ընթացիկ քաղաքական գործունէութեան մէջ իրարու համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող զգայուն հարցերու ու խնդիրներու նկատմամբ հաւասարակշիռ եւ նրբանկատ վերաբերմունքն ու փոխադարձ շահերու յարգումը:
Դաւիթ Ուսուփաշվիլին գոհունակութեամբ խօսած է երեւանեան այցելութեան ծիրին մէջ իր ունեցած քննարկումներուն արդիւնքներուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր գլխաւորած պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ հիւրընկալութեան համար: Ան ընդգծած է, որ իր այցելութեան նպատակն է անգամ մը եւս շեշտել եւ յստակ ուղերձ յղել Հայաստանի հասարակութեան, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի ընտրած համարկման տարբեր ուղիներէն անկախ, երկու բարեկամ երկիրներն ու ժողովուրդները մնայուն կերպով միասին են, կողք-կողքի: «Մենք կ՛ապրինք այնպիսի լարուած շրջանի մէջ եւ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ, որ մեր ժողովուրդներուն համար չափազանց կարեւոր են խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Համոզուած եմ` որքան յաճախակի ըլլան մեր հանդիպումները, եւ յստակ կերպով արտայայտենք մեր դիրքորոշումները, տեղւոյն վրայ արձագանգենք ծագող խնդիրներուն, այնքան պիտի նպաստենք մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան եւ միջպետական կապերու առաւել ամրապնդման», նշած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը:
Անոր համաձայն` իր այս այցելութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց այն համոզմունքը, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ չեն կրնար ըլլալ հիմնախընդիրներ, կան հարցեր, որոնք լուծելի են բանակցութիւններու միջոցով:
«Մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մակարդակը այնպիսին է, որ թոյլ կու տայ անկեղծօրէն եւ անկաշկանդ քննարկելու բոլոր հարցերն ու միացեալ լուծման ուղիներ գտնել` պահպանելով ամուր բարեկամութիւնը:
Հայաստանը միշտ կարեւոր նկատած է Վրաստանին դերը ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ», հաստատած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ
Խորհրդարանի նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին: Վրաստանէն ժամանած հիւրերը եղած են ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած անմեղ զոհերու յիշատակը:
ՀՑԹԻ տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ուղեկցած է հիւրերուն եւ ներկայացուցած յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, իսկ այցելութեան վերջաւորութեան վրացի բարձրաստիճան հիւրը նուիրած է «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերուն» պատկերազարդ գիրքը: