­Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Հայ ­Դա­տի եւ ­Քա­ղա­քա­կան ­Հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան «ող­ջու­նե­լի, բայց ոչ-բա­ւա­րար» քայլ կը հա­մա­րէ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի կող­մէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ­Հա­յաս­տան-­Թուր­ քիա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ետ կան­չե­լը:

«­Սա ըն­դա­մէ­նը Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գից հա­նում է ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, բայց մենք կար­ծում ենք, որ անհ­րա­ժեշտ է ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րի տա­կից ­Հա­յաս­տա­նի ստո­րագ­րու­թիւ­նը յետ կան­չել, որ­պէս­զի իս­կա­պէս ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նե­նան»,- «Ա­զա­տու­թեան» հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սաւ ­Մա­նո­յեան եւ շա­րու­նա­կեց.- «Օ­րա­կար­գից հա­նե­լը, ճիշդ է, ինչ-որ տե­սա­կէ­տի, կե­ցո­ւած­քի դրսե­ւո­րում է, բայց բա­ւա­րար չէ, ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն դրանք «կեն­դա­նի են» եւ շա­րու­նա­կում են մնալ որ­պէս լծակ ­Թուր­քիա­յի ձեռ­քում»:

«Ար­դէն մօտ վեց տա­րի է ան­ցել ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րի ստո­րագ­րու­մից: Այս ամ­բողջ ըն­թաց­քում ­Հա­յաս­տա­նը մշտա­պէս հե­տե­ւո­ղա­կան դիր­քո­րո­շում է ցու­ցա­բե­րել ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու հար­ցում: ­Սա­կայն պէտք է փաս­տել ­Թուր­քիա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի քա­ղա­քա­կան կամ­քի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րի տա­ռի ու ո­գու ա­ղա­ւա­ղում­նե­րը եւ նա­խա­պայ­ման­նե­րի շա­րու­նա­կա­բար ար­ծար­ծու­մը: Դ­րան զու­գա­հեռ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցի նա­խա­շե­մին, նոր թափ է ստա­նում ժխտո­ղա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան խմբագր­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»,- ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ետ կան­չե­լու վե­րա­բե­րեալ Ա.Ժ. նա­խա­գահ ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեա­նին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կին մէջ գրած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

Այն դի­տար­կու­մին, թէ ար­դե­՞օք ներ-քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը կամ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լիցն է պատ­ճա­ռը, որ նա­խա­գա­հը ո­րո­շեց դի­մել այս քայ­լին, ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան ար­ձա­գան­գեց, թէ ի­րեն հա­մար այս ո­րո­շու­մը անս­պա­սե­լի չէր, քա­նի որ դեռ ­Սեպ­տեմ­բե­րին երկ­րի նա­խա­գա­հը այս մա­սին խօ­սած էր ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք հա­մա­ժո­ղո­վին, նաեւ Մ.Ա.Կ.ի Գլ­խա­ւոր ­Հա­մա­ժո­ղո­վին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին: