«Անհ­նար է փա­կել դու­ռը, որ ներ­սէն կղպո­ւած է»,- յայ­տա­րա­րած է Հ.Հ. Արտ­գործ­նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ խօս­նակ ­Տիգ­րան ­Բա­լա­յեան` մեկ­նա­բա­նե­լով ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճէպ ­Թա­յիճ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:

Ա­ւե­լի ա­ռաջ յայտ­նի դար­ձած էր, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով ­Գո­լում­պիա ժա­մա­նած Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րած էր, թէ «­Հա­յաս­տա­նը փա­կած է խա­ղա­ղու­թեան դու­ռը»:

«­Մենք գի­տենք, որ հայ­կա­կան սփիւռ­քը հա­կաթր­քա­կան քա­րոզ­չու­թիւն կը տա­նի: ­Մենք ջան­քեր կը գոր­ծադ­րենք նոր էջ բա­նա­լու հա­մար, սա­կայն, դժբախ­տա­բար, մեր մեկ­նած ձեռ­քը օ­դին մէջ մնա­ցած է: ­Մենք ը­սինք` ե­կէք 100ա­մեա­կի նա­խա­շե­մին հա­նենք այդ հար­ցը քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գէն եւ տե­ղա­փո­խենք գի­տա­կան հար­թակ: Ապ­րիլ 24ին մենք հրա­ւի­րե­ցինք ­Չա­նաք­քա­լէ, սա­կայն ­Հա­յաս­տան փա­կեց խա­ղա­ղու­թեան դու­ռը»,- յայ­տա­րա­րած էր Էր­տո­ղան:

­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճէպ ­Թա­յիպ Էր­տո­ղան ­Տար­տա­նե­լի պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու (­Չա­նաք­քա­լէի ճա­կա­տա­մարտ) 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով պե­տա­կա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պե­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն, ի թիւս աշ­խար­հի այլ եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն, հրա­ւի­րած էր Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նը: ­Կը նշո­ւի, որ Ան­գա­րան կը պատ­րաս­տո­ւի 2015ի Ապ­րիլ 23-24 հիւ­րըն­կա­լե­լու 102 երկ­րի նա­խա­գա­հի կամ վար­չա­պե­տի, ո­րոնց ու­ղար­կո­ւած են մաս­նակ­ցու­թեան հրա­ւէր­ներ:

­Նոյն օ­րը Հ.Հ. նա­խա­գա­հը պա­տաս­խա­նած է հրա­ւէ­րին մեր­ժու­մով: Հ.Հ. նա­խա­գա­հի պա­տաս­խան նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սո­ւած է. -«­Թուր­քիան շա­րու­նա­կում է ժխտո­ղա­կա­նու­թեան իր ա­ւան­դա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ տա­րեց­տա­րի «կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լո­վ» պատ­մու­թեան աղ­ճատ­ման իր գոր­ծի­քա­կազ­մը` ­Կա­լի­պո­լիի մար­տե­րի հա­րիւ­րա­մեակն այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ նշում է Ապ­րի­լի 24ին, այն դէպ­քում, երբ դրանք սկսո­ւել են 1915 թո­ւա­կա­նի ­Մար­տի 18ին եւ շա­րու­նա­կո­ւել մին­չեւ 1916 թո­ւա­կա­նի ­Յունո­ւա­րի վեր­ջը, իսկ դաշ­նա­կից­նե­րի ափ­հան­ման օ­պե­րա­ցիան` ­Կա­լի­պո­լիի ցա­մա­քա­յին մար­տե­րը սկսո­ւել են Ապ­րի­լի 25ին: «Ի՞նչ նպա­տակ է սա հե­տապն­դում, ե­թէ ոչ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րից շե­ղե­լու պար­զու­նակ նպա­տակ: ­Մինչ­դեռ, մին­չեւ յի­շա­տա­կի մի­ջո­ցա­ռում նա­խա­ձեռ­նե­լը, ­Թուր­քիա շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նէր սե­փա­կան ժո­ղովր­դի եւ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան հան­դէպ, այն է` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը»:

­Յետ-գրու­թեամբ ­Սերժ ­Սարգ­սեան շեշ­տած է, որ տա­կա­ւին քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին հրա­ւի­րած է Ե­րե­ւան` 2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 24ին միա­սին յար­գե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը. ­«Մեզ մօտ ըն­դու­նո­ւած չէ հիւ­րըն­կա­լո­ւել հրա­ւի­րո­ւո­ղի կող­մից` ա­ռանց սե­փա­կան հրա­ւէ­րի պա­տաս­խա­նը ստա­նա­լո­ւ»: