ՀՅԴ Բիւ­րո­յի ան­դամ, ՀՅԴ Բիւ­րո­յի Հայ դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նո­յեան` անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեա­նի ըն­դար­ձակ յօ­դո­ւա­ծին, ո­

րուն մէջ ան հան­գա­մա­նօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէ իր վե­րա­պա­հում­ներն ու քննա­դա­տու­թիւ­նը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով ըն­դու­նո­ւած Հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րի քա­նի մը կէ­տե­րուն, յայտ­նած է, որ ինք հա­մա­ձայն չէ այդ վե­րա­պա­հու­թիւն­նե­րուն ու դի­տար­կում­նե­րուն:

Մաս­նա­ւո­րա­բար Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան հար­ցա­կա­նի տակ կ­՛առ­նէ այն ե­րե­ւոյ­թը, որ զուտ կազ­մա­կեր­պա­կան բնոյթ կրող ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը ինչ­պէ՞ս կրնայ ներ­կա­յաց­նել ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին միաս­նա­կան կամ­քը:

Կի­րօ Մա­նո­յեան ը­սած է, որ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան կ­՛ան­տե­սէ հռչա­կա­գի­րի այն մա­սը, ուր կ­՛ը­սո­ւի, թէ յանձ­նա­ժո­ղո­վը կ­՛աշ­խա­տի եւ հա­մա­խոր­հուրդ է սփիւռ­քի մէջ գոր­ծող կա­ռոյց­նե­րուն հետ: "Իս­կա­պէս այդ­պէս է: Հռ­չա­կա­գի­րի նա­խա­գի­ծը ներ­կա­յա­ցո­ւած է նա­խորդ տա­րո­ւան Մա­յի­սի 27-ին, մաս­նակ­ցու­թեամբ սփիւռ­քի հա­մայնք­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, եւ բո­լո­րին կա­րե­լիու­թիւն տրո­ւած է յա­ջոր­դող շա­բաթ­նե­րուն ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը փո­խան­ցե­լու: Իս­կա­պէս ու­րիշ ա­ւե­լի ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ո­րե­ւէ մար­մին չէր կրնար ըլ­լալ, ա­հա թէ ին­չո՛ւ ան­հիմն ու ա­նի­մաստ է հար­ցա­կա­նի տակ դնել այն, թէ ի՞նչ ի­րա­ւուն­քով հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­նու­նով հռչա­կա­գիր կնքո­ւած է", յայտ­նած է Մա­նո­յեան:

Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան կը հիմ­նա­ւո­րէ, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դին միաս­նա­կան կամ­քը կրնայ ար­տա­յայ­տել միայն հա­մա­հայ­կա­կան հան­րա­քո­ւէն, որ հասկ­նա­լի պատ­ճա­ռով չի կրնար տե­ղի ու­նե­նալ: "Ա­տի­կա կը նշա­նա­կէ, որ հա­մա­հայ­կա­կան կար­ծիք կա­րե­լի չէ ձե­ւա­ւո­րել, հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­նու­նով եր­բեք ոչ ոք կրնայ խօ­սիլ: Սա­կայն ա­տի­կա իս­կա­պէս հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող մար­մին ե­ղած է ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ:

Ա­տի­կա միայն Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի նա­խա­գահ­նե­րուն տե­սա­կէ­տը չէ, որ ա­նոնց ստո­րագ­րու­թեամբ ըն­դու­նո­ւէր հռչա­կա­գի­րը: Ա­տի­կա ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կ­՛ար­տա­յայ­տէ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեա­նի այն ի­րա­կան մտայ­նու­թիւ­նը, որ հա­մայն հայ ժո­ղո­վուրդ հաս­կա­ցու­թիւն չկայ: Ան թէ՛ նա­խա­գահ ե­ղած ա­տեն, եւ թէ՛ ան­կէ ետք, փաս­տօ­րէն նաեւ այ­սօր, կը փոր­ձէ տա­րան­ջա­տել ու հա­տո­ւած­ներ տես­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ:

Իր նա­խա­գա­հու­թեան օ­րով Հա­յաս­տա­նը սփիւռք էր, հի­մա ալ կ­՛ը­սէ, որ միայն նա­խա­գահ­ներն ու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը թող ստո­րագ­րեն, բայց ա­տի­կա չէ այդ յանձ­նա­ժո­ղո­վը", ը­սած է Կի­րօ Մա­նո­յեան` ա­ւելց­նե­լով, թէ գոր­ծըն­թա­ցը, որ նա­խոր­դած է հռչա­կա­գի­րի ըն­դուն­ման, ան­ցած է հա­մա­հայ­կա­կան քննարկ­ման ու­ղիով, բան մը, որ, ըստ Մա­նո­յեա­նի, Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեա­նի կա­ռա­վար­ման ժա­մա­նակ չէ ե­ղած: Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան նշած էր, որ նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել այլ պե­տու­թիւն­նե­րու. Կի­րօ Մա­նո­յեան նշած է. "Ե­թէ այդ­պի­սի տե­սա­կէտ ու­նէր Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան, պէտք է, որ վա­ղուց այդ մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւած ըլ­լար, բայց հի­մա նպա­տա­կա­յար­մար գտած է այդ մա­սին բարձ­րա­ձայ­նել: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հռչա­կա­գի­րին մէջ նոր բան չէ ը­սո­ւած, միակ նո­րու­թիւ­նը` հա­մա­հայ­կա­կան ըլ­լալն է: Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան միշտ ալ կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­ցած է այդ նիւ­թին մա­սին իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լո­ւ": Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեա­նի վե­րա­պա­հու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ այն էր, որ պէտք չէ Թուր­քիոյ կոչ ուղ­ղել` ճանչ­նա­լու ու դա­տա­պար­տե­լու Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա Թուր­քիոյ գործն է, եւ ա­տոր կա­րե­լի է հաս­նիլ Թուր­քիոյ հետ բա­րի դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու մի­ջո­ցով միայն:

Կի­րօ Մա­նո­յեան նշած է. "Չեմ գի­տեր, զու­գա­դի­պու­թի՞ւն է, թէ՞ ոչ, բայց հե­տաքրք­րա­կան է, որ Տէր Պետ­րո­սեա­նը Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին նման կ­՛ը­սէ, որ` "մեզ պա­տաս­խա­նե­ցին կո­չե­րով ու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, եւ մեր ձեռ­քը օ­դին մէջ մնա­ց": Տէր Պետ­րո­սեան ճիշդ նոյն բա­նը կ­՛ը­սէ, այ­սինքն` Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տը կը կի­սէ` մէջ­բե­րե­լով 2007 թո­ւա­կա­նի իր մէկ յօ­դո­ւա­ծը, ո­րուն տակ, կը կար­ծեմ, Էր­տո­ղանն ու Տա­ւու­թօղ­լուն շատ սի­րով պի­տի ստո­րագ­րէին. հոն կ­՛ը­սո­ւի, որ ժա­մա­նակն է հասկ­նա­լու, որ վերջ­նա­գիր­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով կամ ան­կիւն սեղ­մե­լով, ոչ ոք կրնայ Թուր­քիոյ պար­տադ­րել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը: Այ­սինքն ան կը պնդէ, որ Թուր­քիոյ նկատ­մամբ պէտք է կա­մա­կա­տա­րի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նե­լ":

Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ նաեւ կ­՛ը­սէ, որ կա­րիք չկար Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կու­թեան մէկ հա­տո­ւա­ծին զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու, ա­տի­կա ա­ւե­լի վատ պի­տի ըլ­լայ, ո­րով­հե­տեւ պատ­րո­ւակ պի­տի հան­դի­սա­նայ, որ ա­նոնց վրայ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ճնշում­ներ բա­նեց­նեն: "Այ­սինքն մենք ո՛չ մտա­ծե­լու ի­րա­ւունք ու­նինք, ո՛չ շնչե­լու ի­րա­ւունք ու­նինք, միայն Թուր­քիան ի­րա­ւունք ու­նի, միայն ա­նոնք կրնան ո­րո­շել, թէ մենք ի՛նչ պէտք է ը­նենք: Եւ վերջն ալ խօ­սիլ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան մա­սին, իս­կա­պէս ամ­բո­խա­վա­րու­թիւն է", ը­սած է Մա­նո­յեան: Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան կ­՛ը­սէ, թէ պատ­մա­կան ի­րա­ւունք եզ­րը հռչա­կա­գի­րին մէջ փո­խա­րի­նո­ւած է պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւն նոյն­քան ա­ռաձ­գա­կան եզ­րով: "Ան կ­՛ան­տե­սէ կամ մոռ­ցած է` չեմ գի­տեր, որ այդ եզ­րե­րը վեր­ցո­ւած են 1990 թո­ւա­կա­նի օ­գոս­տո­սի 23-ին ըն­դու­նո­ւած Ան­կա­խու­թեան մա­սին հռչա­կա­գի­րէն, ո­րուն տակ ստո­րագ­րած է այն ժա­մա­նա­կո­ւան Գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեա­նը", դի­տել տո­ւած է Մա­նո­յեան:

Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեա­նը կ­՛ը­սէ, որ յանձ­նա­ժո­ղո­վը գե­րա­զան­ցած է իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ խախ­տած է Ան­կա­խու­թեան մա­սին հռչա­կա­գի­րը, ո­րով­հե­տեւ այդ­տեղ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան այլ տարր չկայ, բա­ցի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ա­ջակ­ցե­լու դրոյ­թէն:

Կի­րօ Մա­նո­յեա­նի հա­մա­ձայն, Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան փոր­ձած է ա­մէն ինչ խառ­նել, ցոյց տա­լու հա­մար, որ շատ վատ հռչա­կա­գիր է, մինչ­դեռ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ վեր­ջին 100 տա­րո­ւան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ այդ­քան հա­մազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թիւն կայ փաս­տա­թուղ­թի մը շուրջ, ո­րուն ա­ռի­թը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լիցն է: Ան կ­՛ը­սէ, որ ե­թէ այդ փաս­տա­թուղ­թը վտան­գա­ւոր ալ չէ, ա­պա անպ­տուղ փաս­տա­թուղթ է: Ես կ­՛ը­սէի, որ ե­թէ իս­կա­պէս անպ­տուղ փաս­տա­թուղթ է, ա­պա ափ­սոս է, որ ինք այդ­քան եր­կար յօ­դո­ւած գրած է անպ­տուղ փաս­տա­թուղ­թի մը վե­րա­բե­րեալ: Տէր Պետ­րո­սեան կ­՛ը­սէ, թէ այդ փաս­տա­թուղ­թը կրնայ ա­ւե­լի վատ անդ­րա­դարձ ու­նե­նալ Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, բայց այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը չկան, որ ա­ւե­լի վատ ըլ­լան, եզ­րա­փա­կած է Մա­նո­յեան: