Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրապարակած է Էրզրումի հայերու բռնագաղթի տեսարան մը պատկերող լուսանկար՝ «100 լուսանկարչական պատմութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» յատուկ նախագիծով:
Լուսանկարին մէջ՝ դէպի Միջագետք Էրզրումի հայերու բռնագաղթի մէկ դրուագն է՝ արձանագրուած Սուշեհիր գիւղաքաղաքին մօտ: Լուսանկարիչը աւստրիացի կենսաբան Վիքթոր Փիչմանն է (1881-1956 թթ.): Գերմանական կառավարութեան յանձնարարականով, ան 1914 թուականէն սկսեալ մինչեւ Առաջին աշխարհամարտի աւարտը Էրզրումի մէջ կը կազմակերպէ թրքական լեռնահրաձգային զօրամասեր, նոյն ատեն գերմանական Գլխաւոր ղեկավարման մարմինին համար կը քարտէսագրէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւնները: Ճամբորդելով եւ հաւաքչական աշխատանքներ կատարելով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ան կը յաջողի լուսանկարել հայերու բռնագաղթի տեսարանները:
Ուշագրաւ է, որ Վ. Փիչմանի լուսանկարներուն մէջ բռնագաղթեալներու շարքերուն մէջ տղամարդիկ չեն երեւեր. միայն կիներ են՝ իրենց երեխաներուն հետ: Հայ տղամարդոց մեծ մասը այդ ընթացքին արդէն սպաննուած էր:
Էրզրումի Հայերու Բռնագաղթի Լուսանկար
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ