Ղարաբաղի քրէական օրէնսգրքի 269րդ յօդուածի 3րդ մասի առաջին կէտին հիման վրայ՝ քննութիւնը կը շարունակուի Ղարաբաղի երեք քաղաքացիներուն Յունուար 31ին, ժամը 13ի մօտ, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղի մօտերը, անյայտ անձերու կողմէ ծեծի ենթարկուելու եւ ծեծի ենթարկուած քաղաքացիներուն պատկանող մեքենաներու տարբեր մասերը վնասելու փաստերու կապակցութեամբ:
Ի պատասխան «Ազատութիւն» ռատիոկայանի այն հարցին, թէ կա՞ն արդեօք ձերբակալուածներ կամ բերման ենթարկուածներ, Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութեան մամուլի խօսնակ Ֆելիքս Յարութիւնեան հրաժարած է մանրամասնելէ՝ նշելով, որ գործը դեռ եւս նախաքննութեան փուլին մէջ է:
Յունուար 31ին Ստեփանակերտէն Բերձոր մեկնելու ճամբուն վրայ ծեծի ենթարկուած երեք անձերէն մէկը ազատամարտիկ Քերոբ Ղազարեանն է: «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ան պատմեց, որ իրենց ծեծի ենթարկողները քաղաքացիական հագուստով անձեր էին:
Բերձորի մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն 10 օր յետոյ, սակայն, Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութիւնը չի շտապեր պարզելու «Հիմնադիր Խորհրդարան» շարժումի անդամներուն բռնութեան ենթարկելու հանգամանքները: