­«Մէկ օ­րում եր­կու զոհ եւ գնդա­կո­ծո­ւած 20 հա­մայնք­ներ. այս պա­հին սահ­մա­նին կայ դան­դաղ պա­տե­րազ­մ», յայ­տա­րա­րած է Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի մամ­լոյ խօս­նակ Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան, «Ա­զա­տու­թեա­ն» հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­

թաց­քին՝ հեր­քե­լով այն պնդում­նե­րը, թէ «պարտ­ւում ենք այդ պա­տե­րազ­մու­մ»։

 

­Հա­սա­րա­կա­կան ըն­կա­լում­նե­րի մէջ զո­հը պար­տու­թիւն է ըն­կալ­ւում, սա պար­տու­թիւն չի: Ե­թէ մի օր պար­տո­ւենք, մենք ոչ թէ զոհ կ­՛ու­նե­նանք, այլ դիր­քեր կը կորցնենք, իսկ էդ դիր­քե­րը ոչ թէ ինչ-որ յե­նա­կէտ, այլ ծանր բա­ներ ե­ն,- դի­տել տուած է Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան:

5-6 ­Փետ­րո­ւար լուս­ցող գի­շե­րը հա­կա­ռա­կոր­դը տար­բեր տրա­մա­չա­փի զի­նա­տե­սակ­նե­րէ ու ա­կա­նա­նե­տե­րէ բուռն կեր­պով կրա­կած է սահ­մա­նա­մերձ բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ: ­Ներ­քին ­Կար­մի­րաղ­բիւր գիւ­ղին մէջ՝ իր տան բա­կը, այդ կրա­կոց­նե­րէն մա­հա­ցած է 60ա­մեայ ­Վա­նիկ ­Ղու­կա­սեա­նը:

Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեա­նի հա­մա­ձայն՝ հայ­կա­կան զի­նու­ժը պա­տաս­խան կրակ բա­ցած է. «Ե­թէ ա­մէն օր ի­րանց խախ­տում­նե­րին, ի­րանց ոտնձ­գու­թիւն­նե­րին պա­տաս­խան չտանք, ա­պա կը սկսենք պա­տե­րազ­մում պար­տու­թիւն­ներ կրել: ­Բայց մենք, ի տար­բե­րու­թիւն ի­րենց, քա­ղա­քա­ցիա­կան բնա­կիչ­նե­րի հետ կռիւ չու­նենք ա­նե­լու, մենք լաւ գի­տենք, մեր հա­կա­ռա­կոր­դը՝ խրա­մատ­նե­րում նստած զի­նո­ւորն է»։

­Նա­խան­ցեալ օր տե­ղե­կու­թիւն կար նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ զո­հո­ւած 24ա­մեայ զի­նո­ւո­րին մա­սին: ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեա­նի հա­մա­ձայն՝ հայ­կա­կան կող­մը դի­մած է պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու. «­Պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը տար­բեր տի­պի գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ են: Ա­սեմ, որ թշնա­մին ու­նի բա­ւա­կա­նին մեծ կո­րուստ­ներ, ընդ­հան­րա­պէս միշտ էլ մեծ են լի­նում կո­րուստ­նե­րը, ո­րի մա­սին չի հա­ղորդ­ւում, ին­չը ու­նի ե՛ւ քա­ղա­քա­կան են­թա­տեքստ, ե՛ւ անձ­նա­կա­ն»,- յայտ­նած է ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեան, «Ա­զա­տու­թեա­ն» հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թացքին: ­Տա­րո­ւան սկիզ­բէն ար­դէն հայ­կա­կան կող­մը 12 զոհ ու­նի: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան զո­հե­րու մա­սին յստակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չկան: «ԱՓԱ» լրատո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը՝ վկա­յա­կո­չե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, յայտ­նած է, որ 5 ­Փետրո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան փոխ-հրաձգու­թեան ժա­մա­նակ մա­հա­ցած է զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յող ­Ֆա­րիտ Ա­ղա­յե­ւը: ­Չէ նշո­ւած, որ ո՛ւր տե­ղի ու­նե­ցած է մի­ջա­դէ­պը։ ­Բա­ցի ատ­կէ, 6 ­Փետ­րո­ւա­րին ատրպէյ­ճա­նա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը հա­ղոր­դած են, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Թո­վու­զի շրջա­նի Ա­լի­պէյ­լի գիւ­ղին մէջ հրա­զէնա­յին վնասուածք ստա­ցած է տեղ­ւոյն բնակ­չու­հի ­Խա­թի­րա Ա­լիե­ւան: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ կի­նը վի­րա­ւորո­ւած է հայ­կա­կան զինուած ու­ժե­րուն կող­մէ գիւ­ղի գնդա­կո­ծու­թեան իբ­րեւ հե­տե­ւանք: Ըստ նոյն աղ­բիւ­րին՝ Ատրպէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նա­կը, ար­ձա­գան­գե­լով Արծ­րուն ­Յով­հան­նիսեա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան, թէ՝ «այս պա­հուն սահ­մա­նին վրայ դան­դաղ պա­տե­րազմ է», ը­սած է.- «Ի­րա­կա­նում վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րին պա­տե­րազ­մը չէր էլ դա­դա­րել, այն սկսո­ւեց, երբ հա­յե­րը ագ­րե­սիա (յար­ձա­կում) ի­րա­կա­նաց­րին Ադրբե­ջա­նի դէմ: Եւ այժմ, պա­տե­րազ­մի դա­դա­րեց­ման միակ ու­ղին Ադր­բե­ջա­նի օ­կու­պա­ցո­ւած (գրա­ւեալ) տա­րածք­նե­րի ա­զա­տագ­րումն ու այդ տա­րածք­նե­րից հայ­կա­կան օ­կու­պա­ցիոն (գրաւ­ման) ու­ժե­րի ան­վե­րա­պահ դուրս բե­րումն է»: Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ ­Ճէյմզ Ո­ւոր­լի­քը՝ յա­ջող ո­րա­կե­լով ­Հայաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­կի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հան­դի­պու­մը, «­Թո­ւի­թը­րի»ի վրայ գրած է.- «­Միջ­նոր­դա­կան խում­բը կ­՛ող­ջու­նէ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին մէջ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը նուա­զեց­նե­լու ­Նալ­բան­դեա­նի հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը»: