Բերձորի մէջ տեղի ունեցած աղմկայարոյց իրադարձութիւններէն ետք, Ստեփանակերտ գացած հայաստանցի խորհրդականները Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ քննարկած են Յունուար 31ին տեղի ունեցած դէպքերը: Բակօ Սահակեան հայաստանցի խորհրդարանականներուն հաւաստիացուցած է, որ քննութիւնը ընթացքի մէջ է եւ մեղաւորները կը պատժուին: Հ.Հ. խորհրդարանականներու պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած` Բ.Հ.Կ.ական Վահան Բաբայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին ըսած է, որ Բակօ Սահակեան իրենց հետ զրոյցի ընթացքին անգամ մը եւս շեշտած է, որ շարասիւնով երթը, յատկապէս սահմանային այս լարուած իրավիճակին մէջ, կրնար վտանգել Արցախի պետականութիւնը եւ Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ պետական յարաբերութիւնները: Բաբայեան աւելցուցած է.- «Արցախի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան են ենթարկելու եւ այլ հարցեր էլ են քննարկելու, որ նման դէպքերը չկրկնուեն եւ Արցախի վարկը մնայ այնպիսին, ինչպիսին կար»։ Հ.Հ. խորհրդարանականներու պատուիրակութեան ուրիշ մէկ անդամ, «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան եւս «Ազատութեան» յիշեցուցած է, որ Ղարաբաղի իշխանութիւնները երկու ամիսէ ի վեր կը բանակցէին Նախախորհրդարանի ներկայացուցիչներուն հետ, տեղեկացուցած էին երթին նկատմամբ Ղարաբաղցիներու բացասական տրամադրութեան մասին, բայց, ըստ երեւոյթին, Նախախորհրդարանը անտեսած է անոնց ըսածները:
Բակօ Սահակեան.«Բերձորի դէպքերու մեղաւորները կը պատժուին»
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ