Հայաստանի արտգործնախարար Էդվարդ Նալբանդեան Փետրուար 7ին Միւնիխի մէջ հանդիպեցաւ Իրաքեան Քիւրտստանի նախագահ Մասուդ Պարզանիին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ
Քիւրտստանի Ինքնավարութեան միջեւ կապերու զարգացման առնչուող շարք մը հարցեր։ Քիւրտիստանի ղեկավար Մասուդ Պարզանին ողջունեց Էրբիլում գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու Հայաստանի որոշումը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ անիկա կը նպաստէ համագործակցութեան ընդլայնումին։
Զրուցակիցները քննարկեցին առեւտրատնտեսական փոխ-գործակցութեան խորացման նպատակով ձեռնարկուելիք համատեղ քայլերը։ Նախագահ Պարզանի եւ նախարար Նալբանդեան համակարծիք էին, որ Էրբիլի եւ Երեւանի միջեւ օդանաւային ուղիղ չուերթի մօտալուտ մեկնարկը նոր լիցք կը հաղորդէ գործարարական կապերուն։ Հանդիպման օրակարգին վրայ կային շրջանային զարգացումները, ծայրայեղականներու դէմ միջազգային հանրութեան պայքարը։ Իրաքեան Քիւրտիստանի առաջնորդը Հայաստանի արտգործնախարարին հանգամանալից կերպով ներկայացուց ահաբեկիչներու գործողութեանց հետեւանքով Իրաքի հիւսիսը ստեղծուած իրավիճակը եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ Փեշմերկայի կողմէ իրականացուող պայքարը։ Այս առումով Նալբանդեան շեշտեց Իրաքի հիւսիսը ապրող ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու, մասնաւորապէս՝ եզիտիներու անվտանգութեան ապահովումին կարեւորութիւնը եւ վերահաստատեց Հայաստանի համերաշխութիւնը՝ ծայրայեղականներու դէմ թափուող միջազգային հաւաքական ջանքերուն։