Ռուսաստանի մէջ կայանալիք Եւրասիական Միջ-կառավարական Խորհուրդի նիստին ընդառաջ՝ Մոսկուայի մէջ Փետրուար 5ին տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ իր ռուս պաշտօնակից Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը: Երկու երկիրներու կառավարութեանց ղեկավարները բարձր գնահատած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ քննարկած գործակցութեան ընդլայնման ու ամրապնդման վերաբերող հարցերու ընդարձակ շրջագիծ: Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ վարչապետ Յ. Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակիցին՝ ջերմ ընդունելութեան համար.- «Վստահ ենք, որ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ստեղծումը նոր խթան կը հանդիսանայ մեր երկրների տնտեսութիւնների զարգացման, մրցունակութեան բարձրացման համար։
«Յոյսով ենք, որ մօտ ապագայում էապէս կը փոխուեն տնտեսական ցուցանիշները, մասնաւորապէս կ՚աւելանան առեւտրաշրջանառութեան եւ ներդրումների ծաւալները, ինչն էլ իր հերթին կը նպաստի բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացմանը, նոր աշխատատեղերի ստեղծմանը», - նշած է Յովիկ Աբրահամեան: Զրուցակիցները անդրադարձած են տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացման եւ այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատած են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շրջանակին մէջ տարբեր բնագաւառներու մէջ միացեալ ծրագիրներու եւ նոր նախագիծերու իրագործումը: