ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները անցած շաբաթավերհանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը՝ մէկ օր առաջ Միւնիխի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպման վերաբերեալ:
«Մենք տագնապով նշեցինք, որ շփման գիծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միջադէպերու թիւը կ՛աճի:
Մենք նաեւ նախարարին հետ քննարկեցինք առաջարկուող միջոցառումները, որոնք կրնան նուազեցնել նման միջադէպերու հաւանականութիւնը: Մասնաւորապէս, հրամայական է, որ կողմերը քայլերու ձեռնարկեն՝ կանխելու այնպիսի միջադէպերու կրկնութիւնը, ինչպիսին էր Նոյեմբեր 12ին ուղղաթիռի անկումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Կողմերուն միջեւ բռնութիւններն ու լարուածութիւնը կ՛ընդգծեն ամենականուխ առիթով բանակցութիւններ սկսելու անհրաժեշտութիւնը, տագնապին երկարատեւ լուծում մը գտնելու համար:
Կոչ ըրած ենք նախարարին ճկունութիւն ցուցաբերելու, երբ նման բանակցութիւններ կը սկսին», նշած են համանախագահները: Միջնորդները շեշտած են նաեւ Միջազգային Կարմիր Խաչի հովանիին ներքեւ անհետացած անձերուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւն փոխանակելու մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ստորագրած համաձայնագիրի կենսագործման կարեւորութիւնը: «Տեղեկատուութեանց նմանօրինակ փոխանակում կրնայ ամրապնդել վստահութիւնը կողմերուն միջեւ եւ դիւրացնել հաշտեցման գործընթացը։ Մենք նաեւ կոչ ըրած ենք վերսկսելու նախագահներուն միջեւ երկխօսութիւնը, առաջին իսկ առիթով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցած են, որ կը պատրաստուին Փետրուարի վերջաւորութեան տարածաշրջան այցելելու: