Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը աշխարհի քրիստոնեայ պետութիւններու շարքին երկրորդն է քրիստոնեայ բնակչութեամբ: Այս մասին՝ ըստ Panorama.am-ի՝ կը գրէ “christiancountries.com” կայքը: “Քրիստոնեայ պետու
թիւններ” վերնագրուած նիւթին մէջ կը նշուի, որ քրիստոնէութիւնը Երկիր մոլորակին վրայ կը համարուի հիմնական կրօնը` երկրագունդի բնակչութեան 33%-ը, կամ 2.1 միլիառ մարդ կը դաւանեն քրիստոնէութիւնը: Աղբիւրը կը տեղեկացընէ նաեւ, որ տարբեր ազգեր ու ազգութիւններ քրիստոնէութիւնը ընդունած են պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու, եւ առանձնայատուկ կը նշէ, որ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած է Հայաստանը Ք.ա 301-ին: Իսկ Հռոմէական կայսրութիւնը Ք.ա 313-ին: Քրիստոնեայ բնակչութեան քանակով Աշխարհի մէջ քրիստոնեայ երկիրներու աղիւսակի առաջին տասնեակին մէջ են` Վատիկանը (100%), Արցախի Հանրապետութիւնը (99,9%), Էքուատորը (99.0%), Հայաստանը (98.7%), Հասարակածային Կուինեան (98.6%), Արեւելեան Թիմորը (98.4%), Ամերիկեան Սամոան (98.3%), Մոլտովան (98.3%) Յունաստանը (98.0%) եւ Մալթան (98.0%): Վրաստանը իր քրիստոնեայ բնակչութեամբ կը զբաղեցնէ 56-րդ հորիզոնականը 88.6% քրիստոնեայ բնակչութեամբ, իսկ Ռուսիան` 95-րդը` 70.3%-ով: 120 քրիստոնէական երկիրներու աղիւսակը կ՛եզրափակէ Էսթոնիան իր 27.8% քրիստոնեայ բնակչութեան քանակով: