Ինչպէս օրին հաղորդած էինք Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կը նախատեսուի Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը կանգնեցնել: Յուշակոթողի նախագիծը մշակած են ճարտարապետներ՝ Վլատիմիր եւ Միքայէլ Սարգսեանները:
Ինչպէս «Արցախփրես»ի թղթակիցին հետ զրոյցին տեղեկացուց ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարի օգնական Մխիթար Շիրինեանը կը նախատեսուի, որ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, մինչեւ Ապրիլի 24-ը, պիտի աւարտին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի կառուցման աշխատանքները։ Ըստ քաղաքաշինութեան նախարարի օգնականի տեղեկատուութեան, ներկայիս աւարտական փուլին մէջ գտնուող աշխատանքները կ'եզրափակուին մէկ ամիսէն։
«Նախագիծի մէջ որեւէ փոփոխութիւն չի մտցուել։ Այսօրուայ դրութեամբ յուշարձանի կառուցման աշխատանքների մօտ 70 տոկոսն իրականացած է։ Ընթանում են արտաքին յարդարման աշխատանքները»,¬ըսաւ նախագիծի համահեղինակ, ճարտարապետ Վլադիմիր Սարգսեան՝ աւեցնելով, որ միաժամանակ ընթացքի մէջ են նաեւ յուշարձանի տարածքի բարեկարգման աշխատանքները։
Յիշեցնենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի արցախեան տարբերակի նախագիծի էսքիզային մշակման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ:
Ստեփանակերտի մէջ աւարտին կը մօտենան Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի կառուցման աշխատանքները
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ