Ապրիլ 23-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ նահատակներու Սրբադասման արարողութիւնը: Արարողութեան հետ կապուած որոշ մանրամասնութիւններ “Մեդիա մաքս”-ին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռի Հայեցակարգային գրասենեակի տնօրէն, Սրբադասման յանձնախումբի աշխատանքները համակարգող Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը:
Ըստ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի՝ տեղի պիտի ունենայ սրբադասման համար մշակուած ծիսական արարողակարգ, որուն ընթացքին յատուկ բանաձեւով պիտի կատարուի սուրբերու հռչակումը, պիտի նշուի` թէ ո՞ր օրը տեղի պիտի ունենայ անոնց յիշատակի տօնը եւ պիտի ընդգրկուի եկեղեցական օրացոյցին մէջ:
Արարողութեան ժամանակ պիտի ընթերցուի նաեւ սրբադասելիներու վկայաբանութիւնը, պիտի կատարուի սրբապատկերներու օծումը եւ մասունքարաններու օրհնութիւնը:
Սրբադասման արարողակարգի ժամը վերջնական ճշգրտման ընթացքի մէջ է:Ան պիտի ըլլայ 16:30-ին կամ 17:00-ին:
“Յայտնի է, որ այն աւարտուելու է 19:15-ին` խորհրդանշելով 1915 թուականը: Արարողակարգից յետոյ Մայր Աթոռում եւ աշխարհի բոլոր հայ եւ, հաւանաբար, նաեւ ոչ հայ եկեղեցիներում 100 անգամ հնչելու են զանգերը, որին յաջորդելու է լռութեան րոպէն: Լռութեան րոպէից յետոյ կրկին Մայր Աթոռում եւ աշխարհի բոլոր անկիւններում կը լինի “Հայր Մեր”-ի եւ “սուրբ-սուրբ”-ի սուրբ պատարագի հատուածների երգեցողութիւնը”,-ըսած է ան:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման կրնան ներկայ ըլլալ բոլոր փափաքողները. “Մեր յորդորն ու հրաւէրն է, որ մեր ժողովուրդը մասնակից լինի այս եզակի հոգեւոր ուրախութեանն ու պատմական իրադարձութեանը”,-ըսած է Բագրատ եպիսկոպոսը: Սրբադասման նախապատրաստական աշխատանքները գրեթէ աւարտական փուլի մէջ են:
Սրբապատկերու մէջ կը բացառուին իրական կերպարներու, սարսափի կամ արիւնալի տեսարաններու առկայութիւնը: Դեռ 2014 թուականի Յունուարին, Անթիլիասի մէջ գումարուած հերթական հանդիպման ժամանակ, Սրբադասման յանձնախումբը յստակ պայմաններ սահմանած էր սրբապատկերի ստեղծման համար:
Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը նշած է, որ սրբապատկերի համար յատուկ պայմաններն են լուսապսակի առկայութիւնը, աղօթքի ներշնչման, յաղթանակի եւ յարութեան գաղափարի ընդգծումը, հաւաքականութեան ներկայութիւնը, իրական կերպարներու, ինչպէս նաեւ սարսափի կամ արիւնալի տեսարաններու բացառումը:
“Սրբապատկերի ընտրութիւնը տեղի է ունեցել այս ոլորտում որոշ փորձառութիւն ունեցող արուեստագէտներին յանձնարարութիւն տալուց եւ պայմանները ներկայացնելուց յետոյ: Քննարկման տարբեր փուլեր անցնելով` պատկերները ներկայացուել են նաեւ 2014 թուականին գումարուած եպիսկոպոսական ժողովին, որից կատարուել է ընտրութիւնը”,- նշած է ան:
Ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած շարականը`
ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման կարգին համար
2014 թուականին Էջմիածնի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական ժողովը հաստատած է, որ ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման շարական ընտրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն լուսահոգի Զարեհ արքեպիսկոպոս Ազնաւուրեանի հեղինակած` “Ապրիլեան նահատակներուն” նուիրուած շարականի կանոնը իր բոլոր միաւորներով:
Յանձնարարուած է նաեւ հոգեւոր եւ աշխարհիկ աստուածաբաններէ, բանասէրներէ եւ երաժշտագէտներէ կազմուած խմբագրական յանձնախումբ ստեղծել, որ, չխախտելով հեղինակային իրաւունքը, որոշ խմբագրական աշխատանքներ կատարել: Սրբադասման յանձնախումբի աշխատանքներու համակարգողը նշած է, որ անոնք գրեթէ աւարտած են:
“Երբ շարականի կանոնն ամբողջական, աւարտուն տեսքն ունենայ եւ վերջնական օրհնութիւնն ու հաստատումը ստանայ, համապատասխան ժամանակին կը ներկայացուի նաեւ հանրութեանը”,- աւելցուցած է ան:
Բագրատ Սրբազանը նշած է, որ հայ իրականութեան մէջ, շուրջ 400 տարուան ընդմիջումէ ետք, կը վերականգնուի երեւոյթ մը, ոը պատմական վարիվերումներու պատճառով ընդհատուած էր:
“Սրբադասումը մեր ժողովրդի յարութենական կեանքի բարձրագոյն արտայայտութիւնն է, որով ցեղասպանութեան աղէտը չկարողացաւ բնաջնջել մեզ. մեր անմահութեան երթը թէ՛ երկրի վրայ, թէ՛ երկնքում շարունակւում է: Այն նաեւ հոգեւոր սխրանքով եւ արժէքներով ապրող մարդկանց զոհաբերութեան, ինքնանուիրումի, սիրոյ եւ Աստծու հանդէպ հաւատարմութեան բարձրագոյն օրինակն է”,-եզրափակած է Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանը: