Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ, Հայաստան-Յունաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանովը, Փետրուար 2ին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպան
Իոանիս Տաղիսի հետ։
Դեսպան Տաղիս իր գոհունակութիւնը յայտնեց ՀՀ Ազգային Ժողովի յայտարարութեան նախագիծի մասին, որով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ 1914¬1923 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ յոյներու եւ ասորիներու նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանութիւնը։ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահը իր կարգին նշած է, որ իր գործընկերներուն հետ համատեղ նախաձեռնուած նախագիծի նպատակն է վերականգնել պատմական արդարութիւնը, միջազգայնօրէն դատապարտել ցեղասպանութիւնը, պաշտպանել մարդոց իրաւունքները, ինչպէս նաեւ պայքարիլ թրքական ժխտողականութեան դէմ։ Էդուարդ Շարմազանովը յոյս յայտնած է, որ նախագիծը մօտ ապագային կեանքի կը կոչուի։ Հանդիպման ընթացքին Ազգային Ժողովի փոխ նախագահը եւ Յունաստանի դեսպանը կարեւոր նկատած են Յունաստանի խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսի կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը։ Կողմերը համոզում յայտնած են, որ Յունաստանի մէջ վերջերս կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ եւս կը շարունակուի միջ-խորհրդարանական կապերու, մասնաւորապէս, բարեկամութեան խումբերու ամրապնդումը եւ հետագայ զարգացումը։