­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան խորհր­դակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած է 31 Յու­նո­ւա­րին ­Գո­րիս-Ս­տե­փա­նա­կերտ մայ­րու­ղիի ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նի հա­տո­ւա­ծին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քին կա­պո­ւած հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

­Նա­խա­գա­հը իր խօս­քին մէջ նշած է, որ «­Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րա­նի» ան­դամ­նե­րուն կող­մէ ինք­նա­շարժ­նե­րու երթ կազ­մա­կեր­պե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ի սկզբա­նէ դժգո­հու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր հան­րու­թեան տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րուն մօտ: Ու­նե­նա­լով հա­ւաս­տի տո­ւեալ­ներ, եր­թը կա­սեց­նե­լու հա­մար ­Քա­շա­թա­ղի շրջան հա­րիւ­րա­ւոր մար­դոց մեկ­նե­լու մա­սին, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հա­սա­րա­կա­կան կար­գը պահ­պա­նե­լու եւ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ բա­ցա­սա­կան զար­գա­ցում­նե­րը կան­խե­լու նպա­տա­կով ստի­պո­ւած էր ի­րա­կա­նաց­նել հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջո­ցա­ռում­ներ: Ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն զար­գա­ցու­մը դժբախ­տա­բար ու­նե­ցաւ ոչ ցան­կա­լի հե­տե­ւանք­ներ: Դժ­բախ­տա­բար, կա­րե­լի չե­ղաւ խու­սա­փիլ ան­կար­գու­թիւն­նե­րէն եւ բա­խում­նե­րէն, ո­րոնք ստա­ցան հան­րա­յին հնչե­ղու­թիւն»,  ըստ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին, ը­սած է ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան:

­Նա­խա­գա­հը յանձ­նա­րա­րած է ոս­տի­կա­նա­պե­տին` կա­տա­րել ման­րակր­կիտ ծա­ռա­յո­ղա­կան քննու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քին վե­րա­բե­րեալ:

­Խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցած են Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեան, վար­չա­պետ Ա­րա ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ պաշ­տօ­նա­տար այլ ան­ձեր: