Ազգային ժողովի երէկուան նիստին, երբ կը քննարկուէր «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին հարցը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հար
ցում ուղղած է հիմնական զեկուցող` Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի փոխ նախարար Վախթանկ Միրումեանին:
«Իբրեւ պետութիւն, կարծես երկու խնդիր ունինք: Առաջինը` բարենըպաստ պայմաններ ստեղծել, որ փոքր ու միջին առեւտուրը կայանայ եւ զարգանայ, երկրորդ` ստուերը կարելի եղածին չափ օրէնքին ենթակայ դառնայ: Արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ կը յետաձգենք տարի մը առաջ ընդունուած օրէնքի կիրարկումը, առանց լուծելու խնդիրը: Կ՛ըսէք, թէ կը քննարկենք եւ մինչեւ Յուլիս կը գտնենք լուծումները, բայց այս կառավարութիւնը ունէր ժամանակ ատոր համար: Ի՞նչն է լուծումը», հարցուցած է պատգամաւորը:
Իսկ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր կարգին հետեւեալ հարցումը ուղղած է. «Արդեօք ունի՞ք գնահատական, թէ այս ընթացքին որքան վնաս հասցըւած է տնտեսութեան, օրէնքը յե- տաձգելով: Պատգամաւորը նկատի ունեցած է, որ բացասական սպասումները աւելի մեծ վնաս կը հասցընեն: Արծուիկ Մինասեան նաեւ հարցուցած է, թէ կամաւորութեան գաղափարը ի՞նչ կը ներկայացնէ:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին, խօսելով «Շրջանառութեան հարկի» վերաբերեալ Ազգային ժողովի նախագահին մօտ քաղաքական խմբակցութիւններու քննարկման մասին, նշած է, որ որոշում տրուած է յետաձգել այդ հարցով արտակարգ նիստը, որպէսզի հարցը քննարկեն յաջորդ քառօրեայ նիստին ընթացքին, նպատակ ունենալով միասնական քննարկումով աւելի մեծ արդիւնքի հասնիլ:
«Բնականաբար պէտք է հաշուի առնուին այն պահանջները, որոնք կը ներկայացնեն առեւտրականները եւ գտնենք բոլորին համար ընդունելի տարբերակ», ըսած է Արմէն Ռուստամեան, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը ունի իր առաջարկը, կարեւոր կէտերէն մէկն այն է, որ որդեգրուի յառաջադէմ հարկման սկզբունքը, որ կը խրախուսէ մարդիկը աշխատելու օրէնքի դաշտին մէջ, եւ կրնայ մեծցընել առեւտրականներու գործունէութեան ծաւալը, ոչ թէ փոքր եւ միջին ձեռնարկատէրերը փորձեն թաքցնել իրենց առեւտուրի ծաւալները կամ տուգանուիլ:
Մեր առաջարկը աւելի հայեցակարգային է, որ եթէ ընդունին, բոլոր հարցերու լուծումները կը գտնուին», ըսած է Արմէն Ռուստամեան: