ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան խորհուրդի ժողովը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ` 5-էն 11 մայիս 2015-ին: ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն հետ միասին պիտի հիւրընկալէ այս ժողովը: Ժողովին պիտի մասնակցին Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ եւ հրաւիրեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` մօտ 300 հոգի, աշխարհի տարբեր երկիրներէն:

Խորհուրդի ժողովը տեղի կ՛ունենայ երկու տարին անգամ մը: Այս տարուան ժողովի նշանաբանն է` «Հաւասար աշխարհը կարելի է»:

Ժողովի օրակարգին մէջ ներառուած են աւելի արդար եւ հաւասար աշխարհ կերտելու ճամբուն վրայ առկայ մարտահրաւէրները եւ զանոնք դիմակայելու երիտասարդներուն առաքելութիւնն ու ընելիքները:

Խորհուրդին 2015-ի ժողովը կարեւոր եւ խորհրդանշական նշանակութիւն ունի ՀՅԴ Երիտասարդականի համար այն իմաստով, որ անիկա տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչերը ժողովի օրակարգի քննարկումէն բացի, կարելիութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանի եւ հայութեան հետ եւ տեղեկանալու Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Միաժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը յոյս կը յայտնէ, որ այս խորհրդաժողովը դրականօրէն ազդէ Հայաստանի երիտասարդութեան մօտ ընկերվարական եւ ժողովրդավարական արժէքներու ու ըմբռնումներու տարածման ու խորացման աշխատանքներուն վրայ: Նախատեսուած է մասնակիցներուն այցելութիւնը Հայաստանի տեսարժան վայրեր: