Ե­րեք­շաբ­թի, ­Յու­նո­ւար 27ին, ­Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Մայք ­Խա­րա­պեան, ընկերակ­ցու­թեամբ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ ­Լե­ւոն ­Պը­լը­քեա­նի, այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի «Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան» կեդ­րոն եւ ընդու­նո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանտ ­Մար­գար­յա­նի կող­մէ, ո­րուն կ­­՚ըն­կե­րակ­ցէր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ­Կի­րոյ ­Մա­նո­յեան։ ­Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան ընդ­հան­րա­պէս հայ ի­րա­կա­նու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ Ար­ցա­խի եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին առն­չո­ւած հար­ցեր։ Ո­րո­շո­ւե­ցաւ շա­րու­նա­կել պար­բե­րա­կան հան­դի­պում­նե­րը։