Ա­մե­րի­կեան հե­ղի­նա­կա­ւոր Freedom House ի­րա­ւա­պաշտ­պան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է 2015-ի ազատու­թեան ա­մե­նա­մեայ զեկոյցը, որ կը վե­րա­բե­րի աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զա­տու­թեան հար­ցե­րուն: Այս

մա­սին կը հա­ղոր­դէ Tert.am–ը:
Փաս­տա­թուղ­թին մէջ կը նշո­ւի, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է ա­զա­տու­թեան մա­կար­դա­կի հա­մա­տա­րած ան­կում: ­Զե­կոյ­ցին հե­ղի­նակ­նե­րը կը նշեն, որ ներ­կա­յիս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը վեր­ջին 25 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին կը գտնո­ւի ա­մե­նա­լուրջ սպառ­նա­լի­քի տակ:
Դի­տե­լով կազ­մա­կեր­պու­թեան կազ­մած ա­ղիւ­սա­կը` կա­րե­լի է տես­նել, որ ­Հա­յաս­տան, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ, Վ­րաս­տան եւ ­Թուր­քիա ճանչ­ցո­ւած են մա­սամբ ա­զատ, մինչ­դեռ Ատր­պէյ­ճան, Ի­րան եւ ­Ռու­սիա` ա­նա­զատ եր­կիր­ներ:
Freedom House-ի  փոր­ձա­գէտ­նե­րը ար­ձա­նագ­րած են, որ տնտե­սա­պէս հզօր ու ի­րենց տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ազ­դե­ցիկ դիրք ու­նե­ցող շարք մը պե­տու­թիւն­ներ, ո­րոնց շար­քին են ­Ռու­սիան, ­Թուր­քիան ու Ատր­պէյ­ճա­նը, ա­զա­տու­թեան ա­ռու­մով յե­տըն­թաց ու­նին:
Հե­ղի­նակ­նե­րը կը նշեն, որ թէեւ բռնա­պե­տա­կան Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զա­տու­թեան հետ կա­պո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը կա­յուն կեր­պով կը վա­տա­նայ, այ­նու­հան­դերձ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը չի քննա­դա­տեր ­Պա­քուն`  վեր­ջի­նիս ու­նե­ցած ու­ժա­նիւ­թի հարս­տու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով:
Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, զե­կոյ­ցին մէջ նե­րա­ռո­ւած են 195 եր­կիր­ներ, ո­րոնց­մէ 89-ը (46%)  ճանչ­ցո­ւած են ա­զատ, 55-ը (28%)`մա­սամբ ա­զատ, 51-ը (26%)` ա­նա­զատ: