Հայոց բանակի 23րդ տարեդարձի կապակցութեամբ ՀՀ եւ ԼՂՀ նախագահները Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն այցելեցին, յարգանքի տուրք մատուցանելով Արցախեան պատերազմին զոհուած հերոսներու յիշատակին:
Եռաբլուր բարձրացան ՀՀ եւ ԼՂՀ նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Բակօ Սահակեանը, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Քաղաքական այրերը ծաղիկներ զետեղեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն, ինչպէս նաեւ Արցախեան ազատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:
Իրենց ելոյթներուն մէջ, քաղաքական այրերը շնորհաւորեցին հայոց բանակի 23րդ տարեդարձի նշումը, ընդգծելով, որ ամէն ինչ կը կատարուի, որպէսզի Զինուած Ուժերուն մէջ արդարութիւնն ու ազնւութիւնը բարձր մակարդակի վրայ մնան: Անոնք ուժ ու կորով մաղթեցին հայ զինուորներուն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, կրկին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանը իր պահուածքով կը փորձէ ազդել առաջին հերթին միջազգային կառոյցներուն վրայ, որպէսզի Հայաստանը աւելի մեծ զիջումներու երթայ ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ:
«Այս օրերին սահմանում իրադրութիւնը վերահսկելի է: Կրակոցների քանակն է շատ: Մնացածը ամբողջութեամբ մենք վերահսկում ենք, մեր զինծառայողները իրենց տեղում են, օրըստօրէն կատարելագործւում է յատկապէս դիտարկման համակարգը» ըսած է նախարարը:

Յունաստանի մէջ եւս նշուեցաւ Հայոց բանակի կազմաւորման 23ամեակին տարեդարձը, Աթէնքի Սպայից Տան մէջ կայացած ընդունելութեամբ, ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի եւ ռազմական կցորդ, գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանի հրաւէրով: Ներկայ եղան Յունաստանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութեան բարձրապաշտօն ներկայացուցիչներ: