Իրանը մշտապէս կողմնակից եղած է տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան հաստատման եւ յոյս ունի, որ առկայ հակամարտութիւնը կը լուծուի միջազգային սկզբունքներու հիմամբ՝ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Այս խօսքերով

արտայայտուած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Մոհամատ Ջաւադ Զարիֆը, լրագրողներուն խօսելով ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպումէն ետք:
Իրանի արտաքին գործերու նախարարը անդրադարձ կատարած է նաեւ Իրանի միջուկային ծրագրին, ընդգծելով որ այդ եւս խաղաղ նպատակներ կը հետապնդէ: «Իրանի միջուկային ծրագիրը խաղաղ նպատակներով կ'իրականացուի, իսկ դիմացինը պէտք է հասկնայ, որ պատժամիջոցներու, ճնշումներու լեզուով խօսելու ճանապարհը ճիշդ չէ» նշած է Մոհամատ Ջաւադ Զարիֆը, աւելցնելով որ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները արդէն որոշ յառաջընթաց արձանագրած են:
Հայ-իրանական յարաբերութիւններու մասին խօսելով, Իրանի արտաքին գործերու նախարարը կարեւոր նկատած է Թեհրանի մէջ կայացած Իրան-Հայաստան միջկառավարական յանձնաժողովի 12րդ նիստը, որու ժամանակ քննարկուած էին երկկողմ համագործակցութեան հարցեր: Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Զարիֆը շեշտած է, որ Իրանը մեծ կարեւորութիւն կուտայ ամենատարբեր մարզերուն մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կարեւորած է իրանահայ համայնքի դերակատարումը երկրի զարգացման գործին մէջ, ինչպէս եւ հայ-իրանական փոխ գործակցութեան խորացման մէջ:
Ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր կարգին նշեց. «Մենք բարձր ենք գնահատում Հայաստանի եւ Իրանի փոխ շահաւէտ ու բազմաբովանդակ յարաբերութիւնները»: