Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ յայտարարեց, որ հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է՝ զայն պայմանաւորելով այլ աշխատանքի տեղափոխուելու, ինչպէս նաեւ անձնական բնոյթի պատճառներով:

Ան նշեց, որ որոշումը տուած է շատ դժուարութեամբ եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտնէ, որ ատիկա որեւէ քաղաքական կամ ներիշխանական տարակարծութիւններու պատճառով չէ, ինչպէս փորձ կը կատարուի ներկայացնել:
Քաղաքապետը նաեւ ներողամտութիւն խնդրեց կիսատ մնացած գործերուն եւ պարտաւորութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ այն սպասելիքներուն եւ ծրագիրներուն համար, զորս ունէին երկրին բարձրագոյն իշխանութիւնը եւ հանրութիւնը իր պաշտօնավարման հետ կապուած:
Այս յայտարարութենէն աւելի կանուխ Կարէն Կարապետեան «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ կը պատրաստուի հրաժարական տալու՝ փաստօրէն, հաստատելով երկու օր շարունակ իր հրաժարականին մասին մամլոյ մէջ շրջանառուող լուրերը, որոնք մնայուն կերպով ո՛չ քաղաքապետարանին, ո՛չ ալ աւագանիի անդամներուն կողմէ կը հաստատուէին:
Աւելի՛ն, հակառակ քաղաքապետի այդ յայտարարութեան, աւագանիի անդամները նոյնիսկ տեղեակ չէին Կարապետեանի՝ հրաժարական ներկայացնելու մտադրութեան մասին:
Երեւանի աւագանիի Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Դերենիկ Դումանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշած էր, որ իրենք մինչեւ երէկ Կարէն Կարապետեանէն հրաժարականի մասին դիմում չեն ստացած:
Դումանեան յայտնած էր, որ եթէ քաղաքապետը կ՛ուզէ իր պաշտօնէն ազատ կացուցուիլ, պէտք է դիմէ աւագանիին եւ աւագանին պէտք է որոշում տայ այդ գծով: Ըստ անոր, մինչեւ երէկ որեւէ պաշտօնական դիմում այդ առիթով խմբակցութիւնը եւ աւագանիները չեն ստացած:
Երեւանի աւագանիի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Գուրգէն Գասպարեան նոյնպէս որեւէ տեղեկութիւն չունէր Կարէն Կարապետեանի հաւանական հրաժարականին մասին:
Կարապետեան «Արմնիուզ»ին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած էր, որ իր հրաժարականը որեւէ ներիշխանական, ներքաղաքական տարակարծութիւններու բնոյթ չի կրեր:
Կարէն Կարապետեան ընդգծած էր, որ այն վստահութիւնը, որ կը ցուցադրուէր թէ՛ հանրապետութեան նախագահին, թէ՛ կուսակցութեան կողմէ, անսահման եղած է: Ան աւելցուցած էր, որ երկրին նախագահին հետ քննարկած է իր հրաժարականին հարցը եւ նախագահը յարգած է իր որոշումը:
Կարապետեան նախագահին փորձած էր մատուցել այն փաստը, որ այս պաշտօնէն դուրս գալը չի նշանակեր քաղաքապետական խորհուրդի անձնակազմէն դուրս գալ:
Ան նաեւ «անիմաստ» որակած մամլոյ այն տեղեկութիւնները, թէ աշխատանքի ընթացքին որոշակի դժուարութիւններ ունեցած է նախագահի աշխատակազմին հետ:
Ան յայտնած էր, որ նախագահական անձնակազմին հետ շատ լաւ, ընկերական յարաբերութիւններ ունի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է ապագային քաղաքականութեան վերադառնալու կարելիութիւնը, Կարապետեան յայտնած էր, որ երբեք ցանկութիւն չէ ունեցած քաղաքականութեամբ զբաղելու, հետեւաբար վերադառնալ բառը ճշգրիտ չէ, որովհետեւ ինք այդ դաշտին մէջ չկայ: Ըստ անոր, ասիկա չի նշանակեր, որ ինք Հայաստանի հետ որեւէ կապ պիտի չունենայ:
Նշենք, որ Երեւանի քաղաքապետի հաւանական թեկնածու կը նկատուի փոխքաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, որ Երեւանի աւագանիի Հանրապետական խմբակցութեան ցուցակին վրայ 2-րդ դիրքը կը գրաւէ:
«Երեւանի քաղաքին մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքին համաձայն, քաղաքապետի պաշտօնը թափուր մնալէն ետք աւագանիի սահմանած ժամկէտին մէջ, սակայն ոչ ուշ, քան մէկ ամսուան ժամկէտը, տեղի կ՛ունենան քաղաքապետի արտակարգ ընտրութիւններ՝ քաղաքապետի ընտրութիւններուն համար սահմանուած կարգով: Արտակարգ ընտրութիւններու ընթացքին քաղաքապետի թեկնածուներ առաջադրելու իրաւունքը կը պատկանի աւագանիի խմբակցութիւններուն:

 


Տարօն Մարգարեան կը ստանձնէ  Երեւանի քաղաքապետին պաշտօնը

ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերին, Երեւանի քաղաքապետը հաստատեց իր հրաժարումին մասին լուրերը: Քաղաքապետի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս ստանձնեց մայրաքաղաքի առաջին փոխ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:
Ըստ օրէնքի, քաղաքապետի հրաժարումէն ետք, մէկ ամսուան ընթացքին Երեւանի աւագանին պէտք է ընտրէ նոր քաղաքապետ մը:
Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի անակնկալ հրաժարականի պատճառներուն մասին տարբեր մեկնաբանութիւններ կան: «ԱրմՆիուզ»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, քաղաքապետը յայտնած է. «Այո՛, ես հրաժարական պիտի տամ, որովհետեւ այլ աշխատանքի պիտի անցնիմ, նաեւ կան որոշ անձնական բնոյթի պատճառներ, որոնցմով հանրութիւնը ծանրաբեռնելը կը կարծեմ ճիշդ չէ»:
Կարապետեան չէ հերքած կամ հաստատած, որ կրնայ բարձր վճարումով այլ պաշտօնի մը անցնիլ Ռուսիոյ մէջ: Ան պարզապէս յայտնած է, որ պաշտօնը ձգելու իր որոշումը կայացուցած է մեծ դժուարութեամբ: Կարապետեան հայցած է երեւանցիներուն ներողամտութիւնը, եթէ չէ արդարացուցած անոնց յոյսերը:
Կարապետեան հերքած է այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց, իր հրաժարականը առնչուած է նախագահ Սարգսեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ իրեն ունեցած որոշ տարակարծութեանց հետ: «Ե՛ւ նախագահի կողմէ, ե՛ւ կուսակցութեան կողմէ ցուցաբերուող վստահութիւնը եղած է անսահմանափակ», նշած է ան:
Տարօն Մարգարեան նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի զաւակն է: Իբրեւ Աւան շրջանի թաղապետ, ան մեծ համակրանք վայելած է թաղի բնակիչներուն մօտ:

 


Վահան Յովհաննիսեան կ'ափսոսայ Կարէն Կարապետեանի հրաժարականին համար

Անդրադառնալով Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի հրաժարականին՝ հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան շատ բարձր գնահատեց Կարէն Կարապետեանի աշխատանքը: «Անոր հետ մենք եւ մեր հանրութիւնը լուրջ յոյսեր կապած էինք», ընդգծեց Վ. Յովհաննիսեան:
Վահան Յովհաննիսեանին կը բարկացնէ այն երեւոյթը, որ թէ՛ լեւոնամէտ եւ թէ՛ իշխանամէտ լրատուամիջոցները ամէնէն աղտոտ ձեւով‘ ձայները միացուցած կը փորձեն ներկայացնել այնպէս, իբրեւ թէ Կարէն Կարապետեանին բարձր աշխատավարձ առաջարկած են ուրիշ երկրի մը մէջ, անոր համար ալ ան կը լքէ քաղաքապետի պաշտօնը եւ կը հեռանայ: Ան աւելցուց, որ այս պահուն փորձ կը կատարուի նոյնիսկ նուաստացնել մարդուն, սեւ բիծ ձգել անոր վրայ: Ըստ անոր, ոչ ոք կ՛ուզէ ընդունիլ, որ այս իշխանութեան հետ բնականոն, արհեստավարժ մարդը չի կրնար աշխատիլ եւ կը զզուի ու կ՛երթայ, ինչ որ շատ ցաւալի է:
Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ Կարէն Կարապետեան, ըլլալով պարկեշտ մարդ, պարզապէս չյաջողեցաւ աշխատիլ, «որովհետեւ անոր կ՛ըսէին‘ քաղաքը կարգաւորէ, բայց ասոր ձեռք չտաս, անոր ձեռք չտաս, այս երրորդին ալ ձեռք չտաս, միւս չորրորդն ալ մերն է»:
Ան աւելցուց, որ այդ պայմաններուն մէջ ոչ մէկ քաղաքապետ կրնար դիմանալ, քանի որ Կարէն Կարապետեան այդ տեսակէն չէր: