Երէկ, Ստեփանակերտի մէջ, «Արցախի ազգային վիճակախաղի» գրասենեակէն ներս կայացաւ վիճակախաղի նուէրներու յանձնման արարողութիւնը: Ութ քաղաքացիներ ներկայացան եւ ստանձնեցին իրենց նուէրները՝ արցախեան արտադրութեան հինգ գորգեր, չորս թթի օղի՝ թթի փայտով պատրաստուած տակառներու մէջ:
«Արցախի ազգային վիճակախաղ»-ը, որը կը կրէ «շահում ես դու, շահում է երկիրը» կարգախօսը՝ նպատակ ունի համայն հայութեան ուժերով նպաստել Արցախի վերաբնակեցման ու զարգացման գործին:
Վիճակախաղի ամբողջ հասոյթը այս տարի եւս կ'ուղղուի Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքի վերաբնակիչներու համար բնակարաններու կառուցման: «Սա շահումների տրամադրման առաջին փուլն է, որից յետոյ ճանապարհուելու ենք Երեւան, որտեղ յանձնուելու է մօտ 71 նուէր եւս» aparaj.am-ին յայտնած է ԼՂՀ ազգային վիճակախաղի տնօրէն Ալեքսանդր Արզումանեանը, աւելցնելով թէ ներկայիս Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 71 շահող, բայց, ըստ տուեալներուն, մօտ 150 շահող պէտք է ըլլայ Հայաստանի մէջ: Շահողներ կան նաեւ ԱՄՆէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն: «Ընդամէնը եղել է 350 շահում, ամէնաշատը եղել է Հայաստանի Հանրապետութիւնում» ըսած է Ս.Արզումանեանը, ուրախութեամբ աւելցնելով թէ բնակարանի նուէրը շահած է Իրանէն հայրենակից մը:
Նշենք, որ անցեալ տարի վիճակախաղը իրագործուեցաւ 261.505 տոմսակներով, իսկ այս տարի՝ 141. 000 տոմսակով:
«Արցախի ազգային վիճակախաղը» կը յանձնէ առաջին նուէրները
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ