Երէկ, ՀՀ խորհրդարանական լսումներու ժամանակ, ելոյթ ունեցած է գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը, յայտնելով թէ ռուս սահմանապահները, պէտք էր Հայաստանին յանձնած ըլլային, սահմանը անցնելու ժամանակ կեցնելով Գիւմրիի ոճիրի պատասխանատու ռուս զինուոր Փերմիաքովը:
Ինչպէս փաստուեցաւ, Կոստանեանը դեռ չէ դիմած Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազին, այնպէս ինչպէս ինք խոստացած էր Գիւմրիի մէջ հաւաքուած ցուցարարներուն: Բացատրելով այս ուշացումը, ըսաւ որ դեռ հիմքեր եւ փաստեր հաւաքելու գործընթացը չէ աւարտած:
Պատգամաւորները լուրջ ճնշած են դատախազին, պահանջելով պատասխաններ եւ պնդելով թէ սահմանը անցնելու փորձին ժամանակ, պէտք էր ձերբակալուած ըլլար զինուորը եւ յանձնուած Հայաստանի իրաւապահներուն:
Իսկ մնացած հարցերուն գլխաւոր դատախազը պատասխանեց բարդ անհասկանալի մտքերով եւ ոչ յստակ:

«Յանուն ո՞ր պետութեան կը կայացուի դատավճիռը

Քննարկումներուն ժամանակ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը հարց ուղղեց գլխաւոր դատախազին, թէ լայնօրէն քննարկուող նիւթերէն մէկը այն է, որ համաձայնագրերը կը մեկնաբանուին տարակերպ, թէ ռուսական, թէ հայկական դաշտէն ներս: Պատգամաւորը նշեց, որ համաձայնագիրը հնարաւորութիւն կուտայ ստեղծել աշխատանքային խումբ, արդեօք՞ քննարկուած է այդ հնարաւորութիւնը, եւ յանուն ո՞ր պետութեան պիտի կայացուի դատավճիռը այս ոճրագործութեան մասին:
Գէորգ Կոստանեանը պատասխանեց, որ պայմանագրերու մեկնաբանման հետ կապուած ինքը ոչ մէկ խնդիր կը տեսնէ, ոչ ալ նման փաստ կը տեսնէ:


Ռուսական Տումայի պատգամաւորները կը ցաւակցին

Ռուսական Պետական Տումայի խումբ մը պատգամաւորներ, Գիւմրի գացած են երէկ, եւ ծաղկեպսակ զետեղած Աւետիսեաններու ընտանիքի սպաննուած եօթ  անդամներու յիշատակին: ՌԻԱ Նովոստի կը յայտնէ թէ պատուիրակութիւնը բաղկացած էր ԱՊՀ գործերու կոմիտէի անդամ Իրինա Ռոդնինայի, առաջին փոխ նախագահ Օլեկ Լեպետեւի եւ Տումայի նախագահի խորհրդական Միխայիլ Կրոտովի կողմէ:

Հայաստանէն եւ Ռուսիայէն 10-ական հոգի կը կազմեն քննչական մարմինը

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քննչական կոմիտէներու նախագահներ Աղուան Յովսէփեանի եւ Ալեքսանտր Պասթրիքինի միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ որոշուած է համակարգող ղեկավարման մարմին ստեղծել՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քննչական կոմիտէներու 10 ներկայացուցիչներէ եւ քրէագէտներէ բաղկացած: Քրէական գործի քննութիւնը եւ բոլոր դատավարական գործողութիւնները պիտի կատարուին միջազգային իրաւունքի եզրերուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում ռուսական ռազմական բազայի գտնուելու հետ կապուած գործերով իրաւասութեան եւ փոխադարձ իրաւական օգնութեան հարցերի մասին» համաձայնագիրով սահմանուած սկզբունքներուն համաձայն: